«13 Սնտուկներու Յիշողութիւնը». Շարժանկար Մը Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայկական Ժառանգութեան Մասին

Փետրուար 27-ին Փովտիւի մէջ տեղի ունեցած է «13 սնտուկներու յիշողութիւնը» պատմական-վաւերագրական շարժանկարի առաջին ցուցադրութիւնը, որ նկարահանուած է Հայկական մշակութային եւ տեղեկատուական կեդրոնի աջակցութեամբ: Առաջին ցուցադրութեան ներկայ եղած են Փլովտիւի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան, համայնքի անդամներ, բազմաթիւ հիւրեր:
«Շարժանկարը կը պատմէ այն հայերուն մասին, որոնք Ցեղասպանութենէն յետոյ կրցան ողջ մնալ եւ Մարմարա ծովի ափին ձգելով իրենց ծննդավայրը` 1922 թուականին հաստատուեցան Պուլկարիա: Անոնք Ռոտոսթօ քաղաքէն իրենց հետ բերին ո՛չ թէ իրենց անձնական իրերն ու հարստութիւնը, այլ կրցան մոռացումէն ու ոչնչացումէն փրկել եկեղեցական սրբութիւնները: Ռոտոսթօ քաղաքի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ պահուող իրենց նախնիներու պատրաստած ամենագեղեցիկ եւ ամենաթանկ սրբութիւնները կրցան 13 սունտուկներով տեղափոխել Փլովտիւ, որոնք այսօր կը պահպանուին քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ թանգարանին մէջ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Փլովտիւի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի մշակութային հարցերով խորհրդական Աղաւնի Գէորգեան եւ աւելցուց, որ Պուլկարիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած իրենց նախնիներու պատմութիւնն է, Հայոց ցեղասպանութեան, 100 եւ աւելի տարիներ երկարող ցաւին մասին:
«Շարժանկարի նկարահանումներուն մասնակցած մարդիկ սիրով համաձայնեցան իրենց սրտերը բանալ եւ պատմել մեր պատմութեան դէպքերը փաստող էջ մը, իրադարձութիւններ, որոնք մենք կը կարենանք փոխանցել մեր սերունդներուն: Շարժանկարը նաեւ իւրատեսակ պատգամ է այն մասին, որ հայերը կան ու կ’ըլլան ո՛չ միայն, որ շատ իմաստուն են, տաղանդաւոր, այլ նաեւ անոր համար, որ խորունկ արմատներ ունին հողին մէջ ձգուած, հազարամեայ արմատներ, որոնք իրար փաթթուած` մխրճուած են երկրագունդի սրտին մէջ»,- նշեց Աղաւնի Գէորգեան:
Փլովտիւի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի մշակութային հարցերով խորհրդականը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ փլովտիւահայ համայնքն իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ շարժանկարի բեմադրիչ եւ սենարիստ Ցուետան Սիմէոնովին, պուլկարացի, որ կրցաւ տեսնել հայու սրտի ցաւն ու հպարտութիւնը, կրցաւ անկեղծօրէն խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան, մեր վշտին, մեր հպարտութեան մասին:
Շարժանկարը պիտի ցուցադրուի Պուլկարիոյ տարբեր քաղաքներու հայկական համայնքներուն մէջ:
«Ասիկա Փլովտիւի հայկական համայնքի նկարահանած 3-րդ շարժանկարն է: 2016 Մայիսին Պուլկարիոյ հանրային հեռուստատեսութեամբ ցուցադրուած ֆիլմին ընթացքին մենք պատմած ենք համայնքի երաժիշտներուն, դերասաններուն, արուեստագէտներուն մասին, որոնցմով մենք շատ կը հպարտանանք: Երկրորդ շարժանկարը հայկական աւանդական ուտեստներու մասին էր: Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած շարժանկարը` «13 սնտուկներու յիշողութիւնը», կը նուիրենք մեր համայնքին եւ մեր ազգին: Իսկ մեզի կը մնայ` յիշել եւ չմոռնալ մեր պատմութիւնը»,-նշեց Աղաւնի Գէորգեան: