« Պապիդ լեզուն Խօսա՛», որպէսզի «հայուն արիւնը» չցամքի եւ շարունակէ ապրիլ…

Աթլանթա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Փետրուար 2017: Աթլանթա եղած էր տեղացի հնդիկ ժողովուրդին կարեւոր ոստանը, երբ Եւրոպայէն տարբեր ազգեր սկսան «տեղաւորուիլ» այս շրջանը: Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմին` 19-րդ դարուն, Աթլանթան դարձած էր զինուորական գործունէութիւններու կեդրոն: Եթէ քաղաքը մեծապէս քանդուեցաւ այդ օրերուն, ապա այսօր կը նկատուի Ամերիկայի տնտեսական եւ ելեւմտական կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Աթլանթան գեղեցիկ է. փոքր լեռներ իրարու կցուած` ստեղծած են ոլորանման միաւորներ եւ շրջապատած են զայն: Այս տարածքին մէջ կան խիտ անտառներ եւ կանաչ մարգագետիններ: Այս գեղեցիկ բնութեան մէջ սկսայ փնտռել հայկական գեղեցկութիւնը:
«Գաղութը բաղկացնող ընտանիքներուն թիւը յստակ չէ,- Մարի Կարապետեան-Աւետիսեանն է խօսողը:- «Երեւի չորս հարիւր ընտանի՞ք»: Բայց ինչ որ հիմնական է, եղած է այն, որ քանի մը նուիրեալներ 2001 թուականին ուզած են համախմբել հայկական այս «ցիրուցան» գաղութը եւ ստեղծած են «Հայկական տուն»: Պզտիկ բարձունքի մը վրայ, անտառներուն մէջ, «Հայկական տուն»-ը մինչեւ այսօր դարձած է հայուն կեդրոնը: Եթէ մէկ կողմէ հոգեւոր-եկեղեցական, բայց նաեւ` ընկերային ու տակաւին կրթական-դաստիարակչական կեդրոն:
Մարին եկած է Թեհրանէն: 1974 թուականին դուրս եկած է իր ծննդավայրէն եւ երեւի ուզած է Նոր աշխարհին մէջ գտնել նորը, տարբերը, քան այն, ինչ որ ինք ունեցած է… Մեծ Ամերիկայի մէջ թափառած է տարբեր շրջաններ եւ քիչ մը հեռու հայկական իրականութենէ, մինչեւ որ հանդիպած է Գրիգորին, որ Լիբանանէն Ամերիկա հաստատուած էր, եւ միասին կազմած են ընտանիք: Ընտանիքին հետ սկսած է Մարիի հայկական ուղեւորութիւնը: Եւ զաւակներուն ծնունդէն ետք սկսած է տեսնել, թէ որքա՛ն կարեւոր է ազգային ինքնութիւնը, այդ ինքնութեամբ դաստիարակութիւնը եւ անոր պահպանումը: Տեսնելով իր ընտանիքին դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը` Մարին եղած է շրջահայեաց եւ կամովին համարկած է գաղութի հայկական կեանքի կազմակերպումին մէջ: Եւ այսօր ան փոխատենապետն է հայկական գաղութի յանձնախումբին:
Բայց կար Մարիին հօր պատուէրը: Այս պատուէրը կարծէք Մարիին հետ ճամբորդած է մէկ քաղաքէն միւսը, եւ անիկա դարձած է Մարիին կեանքին զգաստութիւնը… «Պապիդ լեզուն խօսա՛»: Եւ այդ «լեզուի պահպանումին» հետ Մարի նոր աշխարհի իր կեանքի տարբեր փորձառութիւններուն ընդմէջէն սկսած էր տեսնել, թէ որքա՛ն կարեւոր է եղեր հպարտութիւնը: «Ինքզինքդ բարձր պէտք է տեսնես իբրեւ հայ», ըսաւ Մարին: «Իբրեւ ծնողք եւ ընտանիք մենք շատ կարեւոր պարտականութիւն ունինք մեր զաւակներուն նկատմամբ` ազգային աւանդին հանդէպ այս հպարտութիւնը փոխանցելու առումով», նշեց Մարի:
Շաբաթ, 25 փետրուար: «Հայ տան» մէջ կար եռանդ եւ խանդավառութիւն: Բարեկենդանի հաւաք-ճաշկերոյթի պատրաստութիւն: Աթլանթայի այս անտառներուն մէջ հայ կեանքը «կ՛եռար» հայկական տոհմական մեր սովորութիւններուն վայելքին ընդմէջէն: Խումբ մը նուիրեալներ սկսած էին կարգադրութիւններ տեսնել` պատրաստուելու համար երեկոյեան յայտագիրին:
Մարիամ Տիպան կու գայ Հալէպէն: Երկու տարի առաջ եկած է Աթլանթա: Ապրած է Հալէպի արհաւիրքը, տեսած` աւերն ու մահը… Տակաւի՛ն, կը յիշէ իրենց ապրած շէնքին վրայ արձակուած ռումբը եւ անոր յառաջացուցած հրդեհին պատճառով հրկիզուած իր դրացին… Բայց այդ հրդեհը միայն քանդող ուժ չէր Մարիամին համար, այլ նաեւ` հոգեկան ջերմութիւն սնուցող երեւոյթ: Հալէպի ստեղծած հոգեկան ջերմութիւնը, որ Մարիամ կը փնտռէ Աթլանթայի մէջ: «Աղջկանս մօտ ուզեցի ըլլալ», ըսաւ Մարիամ: Եթէ դէմքին վրայ կար յուզում, ապա` առանց յուսահատութեան: «Մարդ ո՛ւր կը ծնի եւ ո՛ւր կը մահանայ, չի գիտեր եղեր», նշեց ան` աւելցնելով. «Պէտք է ապրիլ…»:
Լարան ծնած է Աթլանթա: Հայրը` Արա Քէյֆեր, եկած է Պոլիսէն: Մայրը ամերիկացի է: «Մայրս միշտ օտար նկատուեցաւ եւ անոր համար ալ շատ աշխատանք տարաւ, որպէսզի ընդունուի հայկական իրականութեան մէջ», ըսաւ Լարա: «Փոքր տարիքէս հայկական գիտակցութեամբ մեծցայ», ընդգծեց ան:
«Հայ տան» մէջ ստեղծուած է փոքր մատուռ մը: Ամիսը մէկ անգամ կը մատուցուի պատարագ, երբ տէր հայրը կու գայ շրջանի քաղաքէն: «Եկեղեցին կարեւոր է իմ կեանքիս մէջ: Անիկա կարեւոր դեր ունի հայ մշակոյթի պահպանման առումով», ըսաւ Լարան:
Լարա ամուսնացած է տեղացի ամերիկացիի մը հետ: Երեւի ընտանիքին հոլովո՞յթն է, որ ինքզինք պէտք է կրկնէ… «Զաւակս քառորդ հայ է», շարունակեց Լարան` աւելցնելով. «Եթէ իր մէջ կայ քառորդ հայու արիւն, ատիկա բաւարար է, որ ան հայ ըլլայ»: Եթէ Լարային մէջ կայ զգացական խանդավառութիւն, բայց կայ նաեւ իրապաշտ մօտեցում: «Կը ցաւիմ, որ հայոց լեզուն չսորվեցայ: Բայց իմ զաւկիս հայերէն կը սորվեցնեմ, նոյնիսկ երբ ան քառորդ հայ է», ըսաւ Լարան` նշելով միաժամանակ, որ «լեզուն շատ կարեւոր է, որպէսզի կարենանք պահել մեր մշակոյթը»:
Ամէն կիրակի «Հայ տան» մէջ հայերէն եւ հայ մշակոյթ ու կրօն կը սորվեցնեն: Մարիա Թերզեան 14 տարիէ ի վեր ստանձնած է այս առաքելութիւնը: Մարիան պէյրութահայ մայրն է, որ գիտէ կեանքին մէջ «տոկալու» վճռակամութիւնը:
Նայիրա Պաղտասարեան ընդհանրապէս լուռ էր: Եկած է Հայաստանէն, 17 տարի առաջ: Երեք երեխայ ունի, բայց իր ծնողքը եւ հարազատները տակաւին Երեւան են: «Աւելի լաւ կեանքի համար եկանք», ըսաւ Նայիրան: Եւ չուշացաւ իմ հարցումս: « Բայց արդեօք գտա՞ր այդ կեանքը»: «Գտայ եւ չգտայ», պատասխանեց Նայիրա…
Նայիրայի զաւակները յաճախ Հայաստան կ՛երթան, որպէսզի մեծ ծնողքին հետ ըլլան: Բայց Նայիրան` մայրը, Հայաստանէն հեռանալէ ետք նոյնիսկ այցելութեան համար չէ վերադարձած: «Մայրը պէտք է աշխատի, որ զաւակները ապրին», ըսաւ Նայիրա:
Եթէ Նայիրայի դէմքին վրայ կար պզտիկ ժպիտ մը, բայց այդ ժպիտին ետին ակներեւ էր յուզումը: Յստակ էր, որ Ամերիկա գալու որոշումը եղած էր դժուար: Բայց տուած էին այդ դժուար որոշումը: Բայց այդ «որոշումին» մէջ Նայիրան նաեւ դրաւ իր հաստատ համոզումը: «Ես շատ եմ սիրում Հայաստանը», ըսաւ ան:
Դարձեալ Մարին է: Կը խօսի Ցեղասպանութեան ահաւորութեան մասին: « Ցեղասպանութենէն ճողոպրած երրորդ սերունդն ենք եւ այսօր տակաւին կը խօսինք պահանջատիրութեան մասին: Չեմ կրնար հանդուրժել, որ այսքան նահատակ տուած ենք եւ` մեծ տարածութեամբ հող կորսնցուցած»: Եթէ Մարիին մէջ կար զսպուած բարկութիւն, բայց կար նաեւ գիտակցութիւն: Գիտակցութիւնը Մարիին, որ իր հարազատ հողին վրայ չէ, որ կ՛ապրի այսօր»:
Թեհրան, Պէյրութ, Հալէպ, Պոլիս, Երեւան…Եւ այսօր`այս բոլորը Աթլանթա… Հայուն հարազատ հողէն հեռու, բայց հայու հարազատ կեանքն է, որ կը շարունակուի` հին եւ նոր սերունդի միասին: Այս «Հայ տան» մէջ, հայու հարազատ կեանքերուն ընդմէջէն, տեսայ, թէ ինչպէ՛ս նոյնինքն հայուն զգացումները եւ մտահոգութիւնները քով-քովի կու գան եղեր… Եթէ մէկ կողմէ կայ Հայաստանի «սէրը» եւ «կորսուած» հողին գիտակցութիւնը, նաեւ` կեանքին «ջերմութիւնը» եւ «կարօտը», բայց կայ նաեւ հայուն պահանջատիրութեան շարունակականութեան մէջ «տոկալու» հրամայականը:
Բայց ներկայ օրերուն շատ են մարտահրաւէրները:
Եթէ «պապիդ լեզուն» կը խարխափի ու կը կոտրտուի, իսկ հայուն արիւնը լման է թէ կէս,քառորդ ու տակաւին… Բայց կայ պատմութեան ճշմարտացիութիւնը եւ փաստը, որ հայը պիտի մղէ նայելու դէպի առջեւ եւ աւելի լաւին:
Հարիւր եւ երկու տարիներ առաջ հայուն «հոսած» արիւնը երբեք չցամքեցաւ: Անիկա այսօր ապրող ու ճչացող արիւն է… Ու իր հողէն արմատախիլ եղած «պապի լեզուն» տակաւին ողջ է:
Այս ողջ լեզուն եւ ապրող արիւնն են, զորս պիտի տանինք դէպի ապագայ, դէպի աւելի լաւը: Պիտի տանինք մեր «սիրով», «կարօտով», «հպարտութեամբ», «գիտակցութեամբ», բայց անպայմանօրէն` մեր «տոկունութեամբ»… Եւ երեւի` միշտ յիշելով եւ յիշեցնելով:
« Պապիդ լեզուն խօսա՛»:
Աթլանթայի «Հայ տուն»-էն հնչող պատուէրը: Ինծի եւ բոլորիս:
« Պապիդ լեզուն Խօսա՛», որպէսզի «հայուն արիւնը» չցամքի եւ շարունակէ ապրիլ…
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ