Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան Խաչքարի Օծումը Պըրպընքի Մայր Տաճարին Մէջ

Կիրակի, Ապրիլ 2, 2017, յաւարտ Ս. Պատարագի Պըրպընքի մէջ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, պիտի կատարուի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան կողմէ նուիրուած խաչքարի օծումը: Օծուելէն ետք, եկեղեցւոյ Արմէն Համբար սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն մը:
Յիշեցնենք, թէ Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւնը իր գոյութեան առաջին օրէն իսկ (Ապրիլ 1997) միշտ ալ իր նպաստը բերած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բազմաթիւ ծրագիրներուն:
Միութիւնը իր նպաստը բերած է Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հիմնադրութեան ծախսերուն: Միութիւնը նաեւ Թահան-կայի մէջ գործող Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ կնքահայրերէն մէկն է:
Սիրով հրաւիրուած է հայ ժողովուրդը Կիրակի, Ապրիլ 2-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Խաչքարի օծման եւ անոր յաջորդող հիւրասիրութեան: