Թալլին Քաղաքի «Մաշտոց» Դպրոցի Սաները Մասնակցած Են «Պալթեան Նոթաներ» Մրցոյթ-Փառատօնին

Մարտ 12-ին Էսթոնիոյ Թալլին քաղաքի Լինտակիւի մշակութային կեդրոնին մէջ «Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի սաներն իրենց աշխատանքներով մասնակցեցան «Պալթեան նոթաներ» ծովային բներգական մրցոյթ-փառատօնին, ուր Նարէն եւ Յակոբը, քուէարկութեան արդիւնքով, ստացան առաւելագոյն ձայներ, եւ անոնց նկարներն ընդգրկուեցան ցուցահանդէսի լաւագոյն տասնեակին մէջ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը հաղորդեն դպրոցէն, փառատօնին մասնակցած են նաեւ «Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի մենակատար Արէն Ազարումեան» «իմ փոքրիկ Նաւակ» երգով, ինչպէս նաեւ «Երազանք» մանկական երաժշտական անսամպլը` «Սիրուն թռչուն» պարային բեմադրութեամբ: