Համազգայինի Թատերական Միաւորին Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Շարադրական Մրցումը

Համազգայինի Թատերական միաւորը քանի մը ամիս առաջ հայ աշակերտներուն ներկայացուց «Ծաղկամանին Գաղտնիքը» մանկապատանեկան թատերախաղը: Նշենք, որ Թատերական միաւորին նպատակներէն է թատերական արուեստը աշխուժացնել եւ անոր ընդմէջէն հայկական մշակոյթն ու յատկապէս լեզուն տարածել հայ երիտասարդներուն եւ երեխաներուն մէջ:
Ներկայացման առընթեր կազմակերպուեցաւ նաեւ շարադրական մրցում մը: Շարադրութեան նիւթը նշուած թատերախաղն էր: Մասնակցողները պէտք էր հետեւէին պատրաստուած բացատրական յատուկ հրահանգներու:
Տասը դպրոցներու աշակերտներ ներկայ գտնուեցան ներկայացումներուն. անոնցմէ եօթն մասնակցեցաւ շարադրութեան մրցումին: Մասնակցող աշակերտներուն թիւը մեծ էր, ուստի 117 լաւագոյնները ուղարկուեցան վարչութեան: Մրցանակակիրներու ընտրութիւնը դժուար եղաւ, որովհետեւ բազմաթիւ էին լաւ գրութիւնները: Հետեւաբար, յաղթողներու կողքին եղաւ նաեւ պատուոյ արժանի անուններու երկար ցանկ մը՝ 40 անունով:
Մրցանակաբաշխութիւնը կատարուեցաւ Կիրակի, Փետրուար 12ին, Համազգայինի կերդրոնէն ներս: Ներկայ էին բազմաթիւ աշակերտներ եւ ծնողներ: Թատերական միաւորի անդամները՝ Նարկիզ Թերզեան-Մրայեան, Շուշիկ Արսլանեան, Մանուկ Չուխաճեան, Սեդա Սիմոնեան, Նայիրի Մոմճեան, Սեդա Մարտիրոսեան եւ Մակի Պապիկեան, պատրաստեցին ու վարեցին սոյն ձեռնարկը:
Ահաւասիկ կը ներկայացնենք մրցանակակիրներուն անունները.
– 3րդ կարգ
ա. Հրանդ Աւետիսեան, «Շամլեան»
բ. Լենա Բաղումեան, «Շամլեան»
գ. Արեւ Աւետեան, «Շամլեան»
– 4րդ կարգ
ա. Ադանա Դաւթեան, «Մարի Գապայեան-Ֆերահեան»
բ. Լարա Չինար, «Արի Կիրակոս Մինասեան»
գ. Սառա Սուլահեան, «Շամլեան»
– 5րդ կարգ
ա. Ալին Խոճիքեան, «Յովսէփեան»
բ. Միա Կարսիա, «Մարի Գապայեան-Ֆերահեան»
գ. Դալար Քէշիշեան, «Արի Կիրակոս Մինասեան»
– 6րդ կարգ
ա. Սերա Քաֆարտեան, «Ֆերահեան»
բ. Լուսի Կուլճեան, «Արի Կիրակոս Մինասեան»
գ. Դիանա Նաւասարդեան, «Ալէք Փիլիպոս»
– 7րդ կարգ
ա. Ալէն Քարազեան, Հայ Քոյրերու վարժարան
բ. Մայքըլ Կիւրեղեան, «Յովսէփեան»
գ. Խաչիկ Չուխաճեան, «Ֆերահեան»
– 8րդ կարգ
ա. Թալին Քրիւմեան, «Ֆերահեան»
բ. Ճիւլիըն Ճիհանեան, «Յովսէփեան»
գ. Յակոբ Թումանեան, «Ալէք Փիլիպոս»
– 9րդ կարգ
ա. Նանօր Սէրայտարեան, «Ֆերահեան»
բ. Թաթիանա Փրուսալեան, «Ալէք Փիլիպոս»
գ. Սօսէ Յովասափեան, «Ալէք Փիլիպոս»
Համազգայինի Թատերական միաւորը մեծ գոհունակութիւն ստացաւ այս ծրագիրէն՝ տեսնելով բազմաթիւ աշակերտներու աշխոյժ մասնակցութիւնը, հետաքրքրութիւնը, հաճելի գրութիւնները, բարձրորակ լեզուն եւ բառամթերքը: Այս երեւոյթը յոյս կը ներշնչէ, որ հայ լեզուն դեռ կ՛ապրի եւ պիտի ապրի: Նաեւ, երեխաները լաւ հասկցած էին թատերախաղի գլխաւոր միտքը, ինչ որ գրութիւններուն մէջ կ՛երեւէր՝ իրե՛նց իսկ բառերով. «Այս պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ պարկեշտութիւնը, անկեղծութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ ծառայասիրութիւնը ամենակարեւո՛ր յատկութիւններն են՝ կեանքի մէջ յաջողելու եւ երջանիկ ըլլալու համար»:
Բոլոր մրցանակակիրները ստացան Համազգայինի հրատարակութեամբ գիրքեր, նիւթական նուէրներ եւ gift certificate-ներ՝ «Սարդարապատ» գրախանութէն: Իսկ բոլոր մասնակցողները անխտիր ստացան օրինակ մը թատերախաղի տեսերիզէն: Այս առիթով պէտք է շնորհաւորել բոլոր աշակերտները եւ դպրոցները՝ իրենց ուսուցիչներով ու տնօրէնութիւններով: Նաեւ, կը մաղթենք որ բոլորը, ինչպէս եւ Համազգայինի անդամները, ունենան բաւարար ուժ ու կորով՝ շարունակելու նման օգտաշատ աշխատանքներ:
(Թղթակցութիւնը՝ Համազգայինէն)