Հայկազեան Համալսարանը Տօնեց Կիներու Միջազգային Օրը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի կանանց հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին եւ Հայկազեանի հանրային յարաբերութիւններու բաժանմունքին, Հինգշաբթի, 9 Մարտ 2017-ին, Տպպայէի «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ կիներու միջազգային օրուան առիթով պաշտօնական հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին մեծարուեցան լիբանանեան կեանքին մէջ իրենց տեղն ու դերը հաստատած չորս կիներ՝ դոկտ. Արտա Էքմէքճի,  Մէյ Մախզումի, Մէյ Մնասսա եւ Սինթիա Սարգիս Բերոս: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի տարբեր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք Հայկազեան համալսարանի տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Թենի Հասերճեան ողջունեց ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Ան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ձեռնարկին կարեւորութեանը բաժնեկցելով ներկաներուն հետ այս  ձեռնարկին պատմականը, որ 15 տարիներ առաջ սկսած է, Լիբանանի տարբեր դաւանանքներու եւ տարածաշրջաններու 45 ներկայացուցիչ կիներ պատւուելով Լիբանանի եւ շրջապատի մէջ իրենց արձանագրած նուաճումներուն, ձեռքբերումներուն եւ մանաւանդ կատարած ծառայութիւններուն համար:

Հայկազեան համալսարանի Հանրային յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Միրա Եարտըմեան ներկայացուց մեծարանքի արժանի չորս կիներուն կեանքն ու գործունէութիւնները: Մախզումի հաստատութեան տնօրէն Տիկ. Մէյ Մախզումի 20 տարիներ շարունակ իր անձը նուիրաբերած է Լիբանանի ժողովուրդին Մախզումի հաստատութեան շնորհիւ որ երկուքուկէս միլիոն ծառայութիւն տրամադրած է 750 հազար բնակիչներու առողջապահական, մասնագիտական վերապատրաստման, վարկային եւ տարբեր ծրագիրներու զարգացման եւ իրականացման համար:

Սինթիա Սարգիս Բերոս սեփականատէր, հիմնադիր եւ գործառուն է Luxury Limited Edition–ին: Շնորհիւ իր քաղաքական, առեւտրական, տեղեկատուական եւ շարժապատկերի ոլորտի երկարատեւ եւ լայնածաւալ միջազգային ծանօթութիւններուն Սինթիա Սարգիս Բերոս կ’իրականացնէ յաջողութեամբ լի ծրագիրներ:

Մէյ Մնասսա, հեղինակ, քննադատ, եւ լրագրող է: Տիկ. Մէյի անսահման կենցաղը հսկայական ներդրում շնորհեց Լիբանանի գրագիտութեան եւ մշակութային կեանքին զարգացման:

Դոկտ. Արտա Էքմէքճի ժրաջան եւ գործօն ներուժ մըն է: Ան 45 տարիներէ ի վեր ներկայ է ակադեմական ոլորտին մէջ: Դոկտ. Էքմէքճի 1997 թուականէն մինչեւ օրս Հայկազեան համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքի տեսուչն է:

Ձեռնարկին խօսք առաւ  Հայկազեան համալսարանի տնօրէն Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «Ամէնէն լաւ բանը գոհունակութեան պտուղն է եւ համոզումով աշխատանքը, եւ ոչ թէ՝ պարտականութեանը, գուցէ պահ մը յոգնինք մեր պարտականութենէն, բայց երբեք չենք յոգնիր մեր համոզուած  եւ գոհունակ ըլլալէն: Մեր կեանքին մէջ մեզ շրջապատող կիներու հասարակութիւնը լաւագոյն վկան եւ ապացոյցն է գոհունակութեան»:

Վեր. Փոլ Հայտոսեան  իր խօսքին մէջ նաեւ երախտապարտօրէն գնահատեց  Հայկազեան համալարանի տիկնանց յանձնախումբի անխոնջ ու անձնուէր 50 տարիներու աշխատանքը թէ՛ Պէյրութի, եւ թէ՛ Լոս Անճելըսի մէջ:

Այս յատուկ օրուան առիթով, Վեր. Հայտոսթեան յարգանքի տուրք մատուցեց այն երկու ամերիկացի միսիոնարներուն Ուէպ քոյրերուն, որոնք գոհունակութեամբ եւ լիովին շուրջ կէս դար ո՛չ միայն իրենց կեանքերը նուիրեցին, այլ նաեւ իրենց տունը ապաստան ըրին տրամադրելով աղջկանց սերունդ մը խնամելով, զարգացնելով եւ դաստիարակելով զանոնք: Ուէպ քոյրերու փափաքն էր որ իրենց տունը շարունակուի ըլլալ սերունդներ զարգացնող վայր: Վաթսուն երկու տարիներ եւ մինչեւ օրս, Ուէպ շէնքը եղած է այս տարածքը ուր Հայկազեան Համալսարանը հիմնուեցաւ:

Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ նշեց Լիբանանի կանանց հարցերու նախարարութեան դերին եւ պատասխանատուութեան, մաղթելով ուժ եւ կորով  զարգացնելու այնպիսի հասարակարգ եւ օրէնքներ, որոնք կը նպաստեն կիներու իրաւունքներու ամբողջական ձեռքբերման եւ պահպանման:

Ապա Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. Փոլ Հայտոսեան, նախարար Ժան Օղասսապեան եւ Թենի Հասերճեան յուշանուէրներով մեծարեցին դոկտ. Արտա Էքմէքճի,  Մէյ Մախզումի, Մէյ Մնասսա եւ Սինթիա Սարգիս Բերոսը:

Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրին երաժշտական կտորներով իր մասնակցութիւնը բերաւ նորակազմ Հայ երիտասարդներու քառեակը, խմբավարութեամբ՝ Կարօ Աւեսեանի:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ հիւրասիրութեան սեղաներու շուրջ հաճելի զրոյցներով, ջերմ ու զուարթ մթնոլորտով:

hajkazjan4hajkazjan5hajkazjan1hajkazjan

 

Scroll Up