«Կ’երգենք Կ’ոմիտաս» համահայկական փառատօն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կը տեղեկացնենք, որ 2017 թուականի Սեպտեմբեր 24-29 ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կ’իրականացնէ «Կ’երգենք Կ’ոմիտաս»համահայկական փառատօնը: Փառատօնի նպատակներն ու խնդիրներն են Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զար­գացման նպաստելը, կոմիտասեան արուեստը հանրահռչակելը, մշակոյթի միջոցով Հայոց պահանջատիրութեան մասին բարձրաձայնելը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զարգացման, համա­գործակցութեան նոր ձեւաչափերու ձեւաւորման աջակցիլը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի ստեղծագործողներու միջեւ մշակութային կապերու խորացմանը, համատեղ ծրագիրներու մշակման ու իրականացման  սա­տարելը, մշակոյթի ոլորտէն ներս համահայկական մասնագիտական ներուժի յայտնա­բեր­ման ու համախմբման նպաստելը, Սփիւռքի ուծացման եւ լեզուամշակութային ինքնութեան կորուստի դէմ պայքարիլը, ազգային մշակոյթի պահպանութեան գործին Սփիւռքի ստեղծագործող երի­տա­սարդութեան  ներգրաւելը, համահայկական մշակութային ծրագիրներու համատեղ մշակման եւ իրակա­նաց­ման կառուցակարգը ստեղծելը, Սփիւռքի ստեղծագործական խումբերու եւ մշակութային կազմակերպութիւններ­ու վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուական տուեալներու շտեմարան ստեղծելը` նպաս­տելով անոնց գործունէութեան վերաբերեալ Հայաստանի մէջ տեղեկացուածութեան մա­կար­դակի բարձրացման:

Փառատօնին կրնան մասնակցիլ սփիւռքեան երգչախումբեր, երաժշտախումբեր ու անհատ կատարողներ:

Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ ճանչցուած խումբեր եւ անհատներ Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Արցախէն:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը «Կ’երգենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս պատրաստ է հոգալու որոշ մասնակիցներու (ովքեր ունին կեցութեան կարիք) սնունդի եւ կեցութեան ծախսերը (հնարաւոր է, որ գիշերակացը ապահովուի 3-6 մարդու համար նախատեսուած հիւրանոցային, հոսթելային սենեակներու մէջ` 3 օր), տրամադրելու համապատասխան դահլիճներ, ապահովելու փոխադրամիջոցներով եւ տեխնիկական անհրաժեշտ միջոցներով, իրականացնելու ձեռնարկներու կազմա­կերպչա­կան աշխատանքները:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստ է աջակցելու նաեւ ՀՀ մուտքի արտօնագրի անվճար ձեռքբերման հարցով: Անհրաժեշտութեան պարագային կը խնդրենք տեղեկացնել ժամանումէն առնուազն 1 ամիս առաջ:

Փառատօնին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լրացնել համապատասխան դիմումի ձեւերը եւ ուղարկելimhayastan.paraton@yahoo.com ելեկտրոնային հասցէին:

Մասնակից խումբերը եւ անհատները պէտք է ներկայացնեն մինչեւ 20 րոպէ տեւողութեամբ համերգային ծրագիր (2-5 համար), վերջին մէկ տարուան ընթացքին ունեցած ելոյթներու տեսագրութիւն, թերթիկ, նկարներ, ցուցապաստառ եւ այլն: Ծրագրի մէջ կրնան ընգրկուիլ ինչպէս Կոմիտասի, այնպէս ալ հայ ճանչցուած երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ (Կարա-մուրզա, Մակար Եկմալեան, Արմէն Տիգրանեան, Տիգրան Չուխաջեան, Արամ Խաչատրեան, Տիգրան Մանսուրեան, Ստեփան Շաքարեան, Ռոպերթ Ամիրխանեան):

Տուեալ խումբի կամ անհատի մասնակցութիւնը կ’երաշխաւորուի, եթէ անոր կողմէն ներկայացուած դիմումը ստանանք մինչեւ 2017 թ. Մայիս 1:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, համայնքային բոլոր երգչա­խումբե­րուն, երաժշտախումբերուն եւ անհատ կատարողներուն կոչ կ’ընենք միանալ մշակութային այս շարժ­ման եւ դառնալ հայրենիքի մէջ կազմակերպուող համահայկական փառա­տօնի մասնակիցը, նպաստել համահայկական մշակութային փոխգործակցու­թեան:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել «Կ’երգենք Կ’ոմիտաս» համահայ­կա­կան փառատօնը համակարգող աշխատակազմի գրասենեակ (հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3, ել. փոստի հասցէ` imhayastan.paraton@yahoo.com, հեռ.` (+374) 11730721 կամ այցելել imhayastan.am ­ կայքէջը:

« Կ’երգենք Կ’ոմիտաս» համահայ­կա­կան փառատօնը

համակարգող աշխատակազմ

3-2-anhat-arevmt 3-3-xmberqayin-arevmt

Scroll Up