«Զանգի»-ն Կը Մասնակցի Պարսելոնայի Մէջ Կայացող Միջազգային Խորհրդաժողովին

2013-ին հաստատուած հայկական «Զանգի» (Zangi) համացանցային սպասարկութիւնը, որ արդէն իսկ աւելի քան մէկ միլիոն գործածող ունի, ձրի հեռաձայնային եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներ տրամադրող «Սքայփ»-ի (Skype) եւ «Վայպըր»-ի (Viber) նման սպասարկութիւններուն մրցակից դարձած է արդէն։
Արդարեւ, ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այժմ կը մասնակցի Փետրուար 27-ին Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ սկսած եւ արդի արհեստագիտութեան կարեւորագոյն խորհրդաժողովներէն մէկը հանդիսացող յատուկ հաւաքին, որ յատկացուած է շարժական հեռահաղորդակցութեան միջոցներու:
Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի փոխադրական, հաղորդակցութեան եւ տեղեկութիւններու արհեստագիտութեանց հարցերու նախարար Վահան Մարտիրոսեանը։
«Զանգի»-ի հիմնադիր Վահրամ Մարտիրոսեան կը յայտնէ, թէ ընկերութիւնը յատուկ կրպակ մը պիտի ունանայ մէկ շաբաթեայ այս խորհրդաժողովին մէջ, նպաստելու համար «Զանգի»-ի համաշխարհային տարածումը ապահովելու ջանքերուն։
Հայաստանի մէջ արտադրուող այս սպասարկութիւնը արդէն իսկ սկսած է գործածուելու մեծ թիւով հայերու եւ օտարներու կողմէ, որովհետեւ անոր մատուցած ծառայութեան որակը հաւասար է վերոնշեալ հեռահաղորդակցական սպասարկութեանց եւ երբեմն նոյնիսկ՝ կը գերազանցէ զանոնք։ Այս մասին կը յայտնէ Վահրամ Մարտիրոսեան, որ կ՛աւելցնէ նաեւ, թէ «Զանգի»-ի իւրայատուկութիւններէն մէկը այն է, որ կրնայ հաղորդակցիլ նոյնիսկ, երբ համացանցային կապի որակը ցած է։
Սպասարկութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել https://zangi.com կայքը։