Արեւմտեան ու Արեւելեան Հայաստանը` Թուրք Լուսանկարիչին Աչքերով. «Ակօս»

Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»-ը զրուցած է թուրք լուսանկարիչ Ումութ Վետաթի հետ, որ շրջած է Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանով ու իրեն համար բացայայտած հայերն ու անոնցմէ մնացած ժառանգութիւնը:

Թուրք լուսանկարիչը պատմած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին քանդուած կամ որպէս ախոռ օգտագործուող եկեղեցիներու ու այլ պատմական յուշակոթողներու իր լուսանկարները ցուցահանդէսի տեսքով ներկայացնելէ ետք բազմաթիւ մարդոց արձագանգը հետեւեալը եղած է. «Այո, գիտէինք, որ նման բան կայ, բայց այս աստիճան չէինք պատկերացներ»:

Ըստ Վեդաթին` հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին ամենամեծ արգելքը Թուրքիայէն ու այդ երկրի հասարակութենէն եկող «ես»-ի զգացումն է: «Պէտք է մէկ կողմ դնել այդ «ես գիտեմ»-ը: Այս պահուն բաւական ներփակ վիճակի հասած ենք», – Թերթ․ամ-ի փոխանցմամբ՝ կ՛ըսէ լուսանկարիչը:

Վետաթ այժմ կ՛ապրի Թիֆլիսի մէջ, աշխոյժ շփումներ հաստատած է նաեւ Վրիրահայերու հետ, որոնց հիման վրայ նոր ֆիլմ պատրաստած է:

«Ժամանակին հայերը կը կազմէին Թիֆլիսի բնակչութեան 70 տոկոսը, հիմա այդ տոկոսը հազիւ 5-ի կը հասնի: Ասիկա թեմա է, որուն մասին ոչ ոք կը խօսի: Ի հարկէ, այստեղի ձուլման քաղաքականութիւնը այդքան ալ ուժեղ չէ, որքան Թուրքիոյ մէջ: Ֆիլմս աւելի շուտ ոչ թէ ատոր, այլ հայերուն` Թիֆլիսիի վրայ ունեցած մշակութային հզօր ազդեցութեան մասին է»,- կը պատմէ Վետաթը:

Խօսելով Հայաստան իր այցի մասին` թուրք լուսանկարիչը կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ անցուցած ժամանակը օգնած է լեցնել կեանքին մէջ ունեցած շարք մը բացթողումներէն յառաջացած դատարկութիւնն ու հասկնալ, որ Ցեղասպանութեան մասին մինչ այդ իրենց սովորածն ու լսածը բոլորովին այլ է: Ու հակառակ իր շրջապատէն եկող ոչ այնքան դրական արձագանգներուն` Վետաթը  քանի մը ամիս ալ Հայաստան ապրած է, ինչպէս վճռած էր:

21346

Scroll Up