Թուրքիան Եւ Իր Հասկցած ժողովրդավարութիւնն Ու Մարդկային Իրաւունքները…

Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան կը գրէ.

Տարիներէ ի վեր Եւրոպական Միութիւն մտնել երազող Թուրքիան երէկ դէմ արտայայտուեցաւ մարդկային եւ ժողովրդավարական տարրական սկզբունքներէն հանդիսացող` Արցախի մէջ կատարուող հանրաքուէին: Թուրքիոյ Արտագին Գործոց Նախարարութիւնը այս հարցով յայտարարեց, որ իր պետութիւնը պիտի չճանչնայ անոր արդիւնքները…:

Թրքական «Milliyet» թերթի կայքի տեղեկացմամբ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) գրաւոր յայտարարութիւն տարածած է, ուր կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն ներս 20 Փետրուարին կայացած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն:

 «Այն վնաս կը հասցնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ մնայուն լուծում գտնելու համար գործադրուող ջանքերուն: Մեր երկիրը կը դատապարտէ այդ գործողութիւնը, որ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նոր խախտում է: Թուրքիան չի ճանչնար այդ հանրաքուէն եւ անոր արդիւնքները»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութիւն մը, որ իր մէջ կը պարունակէ երկու չափ, երկու կշիռի թրքական հին ու նոր բարքեր:

Այն միեւնոյն թուրքիան, որ չի ճանչնար Արցախի հայութեան ինքնորոշման տարրական իրաւունքը, արդար կը նկատէ այն դատը, երբ այս իրաւունքը կը վերաբերի Հիւսիսային Կիպրոսի բնակչութեան…: Թրքական չափանիշով, Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ, ընտրութիւններ կամ հանրաքուէներ կազմակերպելը ժողովրդավարական գնահատելի գործընթաց է եւ մարդկային իրաւունք, սակայն Արցախի մէջ կայացած հանրաքուէն իր կողմէն կ’որակուի անընդունելի: Մինչ, ըստ թրքական նոյն բարքերուն Կիպրոսի Հանրապետութիւնը պէտք է համակերպի իր գրաւեալ հողերու իրավիճակին, Արցախի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական միջոցառումները եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը կը բացատրուի, իբրեւ «Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նոր խախտում»:

Կայ աւելին, մինչ թրքական օդանաւային ընկերութիւնները ազատ համարձակ պիտի թռչին դէպի Հիւսիսային Կիպրոս, Արցախի համար թրքական կողմին նեցուկը վայելով Ազրպէյճանական բանակը սպառնալիքի ուժով պիտի արգիլէ հայկական կողմին օդակայան ունենալ: Մինչ Հիւսիսային Կիպրոսի բնակիչը պէտք է վայելէ մարդկային ամէն իրաւունք, Արցախահայութիւնը ենթակայ պէտք է մնայ հաւաքական պատիժի՝ կարելիութիւնը չունենալով նոյնիսկ օգտուելու իր մարդկային տարրական իրաւունքներու կարեւորագոյններէն՝ ազատ տեղափոխութեան իրաւունքէն…:

Ահաւասիկ Թուրքիան եւ իր հասկցած ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները… մինչ  ազատ աշխարհի միջազգային ընտանիքը տակաւին լուռ կը մնայ…:

Scroll Up