Տեառնընդառաջի Նախատօնակ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ասպարէզ-Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով, եւ պահպանելով տարիներու աւանդութիւնը, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, Փետրուար 13ի երեկոյեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նախատօնակի արարողութեան, որուն մասնակցեցան հոգեւորականաց դասու անդամներ, իսկ եկեղեցական արարողութեան աւարտին, բակին մէջ տեղի ունեցաւ խարոյկի հրավառման արարողութիւն:
Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետն ու փոխատենապետը՝ Վահէ Յովակիմեանն ու Կարօ Էշկիեանը, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամներ, սկաուտական խմբապետներ եւ արենուշներ՝ միութեան տարբեր մասնաճիւղերէն: Ներկայ էր նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Երեկոյեան ժամերգութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական արտասանութեամբ, որուն ընթացքին երգուեցաւ «Լոյս Զուարթ» շարականը։ Ժամերգութեան հետեւեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը։ Երգուեցան Քրիստոսի տաճար ընծայումն ու Սիմէօն ծերունիի հանդիպումը նկարագրող շարականներ, որոնց ընթացքին առաջնորդը խնկարկելով շրջեցաւ եկեղեցւոյ մէջ եւ օրհնեց ներկայ հաւատացեալներն ու մանուկները: Ապա տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն:
Օրուան խորհուրդը բացատրող իր պատգամին մէջ, սրբազանը նշեց, թէ Աստուածորդւոյն երկրաւոր ծնողները, հաւատարիմ մնալով աւանդութեան՝ Յիսուսը տաճար տարին ծնունդէն քառասուն օր ետք, իսկ այսօր, նոյն ոգիով ու հաւատարմութեամբ, հայ ծնողներ իրենց նորածին ու մատղաշ զաւակները եկեղեցի կը բերեն, որպէսզի ընծայեն Ս. խորանին ու տոգորուին Աստուծոյ շնորհներով:
Սրբազանը շեշտեց մեր կեանքերը Աստուծոյ ընծայելու կարեւորութիւնը: Ան յորդորեց, որ իւրաքանչիւրս իր կեանքը ընծայէ Աստուծոյ, որպէսզի Ան պայծառացնէ մեր հոգիները։
Առաջնորդը խօսեցաւ նաեւ այս տօնին առիթով մեր ժողովուրդի դարաւոր աւանդութեան մասին, որ կ՛արտայայտուի եկեղեցւոյ բակին մէջ խարոյկ վառելով ու անոր շուրջ տօնական մթնոլորտ ստեղծելով: Ան ընդգծեց, որ այս արարողութիւնը խորհրդանիշն է լոյսին, որ կը համակէ հաւատացեալ հայը, որպէսզի հայ ընտանիքը իր սեփական յարկը կը ջերմացնէ Քրիստոսի սիրոյն ջերմութեամբ։
Աւարտին, սրբազանը Ս. խորանէն վառեց աւանդական մոմը՝ իբրեւ խորհրդանիշ Քրիստոսի լոյսին, եւ հաւատացեալները իրենց մոմերը վառեցին այդ մոմէն։ Այնուհետեւ, «Քրիստոս Փառաց» շարականի երգեցողութեամբ, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւները ծնողներու կողմէ իրենց մատուցուած երեխաները Ս. խորան ընծայեցին։
ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍ ԽԱՐՈՅԿԻՆ ՇՈՒՐՋ
«Ուրմիա» հայրենակցական միութեան երգչախումբն ու պարախումբը ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն պարերով միացաւ նաեւ ժողովուրդը: Խարոյկին շուրջ ստեղծուեցաւ հայկական տօնական մթնոլորտ:Արարողութեանց աւարտին, առաջնորդն ու հոգեւորականաց դասը, ՀՄԸՄի սկաուտներու ընկերակցութեամբ, թափօրով դէպի եկեղեցւոյ բակը առաջնորդեցին հաւատացեալները. առաջնորդը խորանէն բերուած մոմով վառեց խարոյկը, որուն շուրջ երգուեցան Ս. Վարդանանց նուիրուած շարականներ ու ազգային երգեր:
Տօնահանդէսը վերջ գտաւ ՀՄԸՄի քայլերգին՝ «Յառաջ Նահատակ»ին, «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի երգեցողութեամբ:
ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄի պատասխանատուներ ու սկաուտներ եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ համախմբուեցան սրբազան հօր ու հոգեւոր հայրերուն շուրջ, աւանդական ընթրիքի երեկոյին համար, հիւրընկալութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամ Արտաշէս Ղազարեան կատարեց սկաուտական խմբապետական աստիճանի տուչութիւն, որմէ ետք առաջնորդը կատարեց սեղաններու օրհնութիւն։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը եւ վարեց յայտագիրը: Յանուն Շրջանային վարչութեան, խօսք առին Արտաշէս Ղազարեան եւ խմբապետուհի Շարլին Կիւզէլեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին հիւրընկալ եկեղեցւոյ ու սրբազանին: Խօսք առաւ նաեւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Կարօ Էշկիեան, որ ողջունեց ՀՄԸՄականներու ներկայութիւնը եւ սեղմ յուշեր պատմեց ՀՄԸՄականի իր կեանքէն:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը, որ գնահատեց ՀՄԸՄի սերնդակերտ առաքելութիւնը եւ խրախուսեց երիտասարդ սկաուտներն ու արենուշները, որ հաւատարիմ մնան իրենց երդումին, ծառայեն եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին: Ակնարկելով սկաուտական աստիճանի արժանացողներուն՝ սրբազանը մէջբերեց Աւետարանի սոյն խօսքը՝ «ան որ ունի՝ աւելիով պիտի տրուի, իսկ ան որ չունի, ունեցածն ալ պիտի առնուի», նշելով, որ աստիճանի արժանացողները անոնք են, որոնք իրենց տրուածը արժեւորած են ու արժանացած՝ այս գնահատանքին: Այս մօտեցումով ալ, ան յորդորեց, որ սկաուտները յանձնառութեամբ, լրջութեամբ, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ կարգապահութեամբ վերանորոգեն իրենց ուխտը, միշտ եւ ամէնուրեք հաւատարիմ մնալով ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին։
Իր խօսքի աւարտին, սրբազանը խաչեր եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 20ամեակին առիթով պատրաստուած գրքոյկէն ու տեսերիզէն օրինակներ նուիրեց ՀՄԸՄականներուն:
Հանդիպումը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով: