Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ` մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբաններու եւ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն, կատարուեցան գիշերային եւ առաւօտեան զոյգ ժամերգութիւնները:

Աղօթասացութենէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականներուն կոչումը լուսարձակի տակ առնող համագումար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր: Օրուան բանախօսներն էին Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան` նիւթ ունենալով «Ճշմարիտ հովիւի մը պատկերը» եւ Պօղոս վրդ. Թինքճեան` «Հովիւ եւ հօտ յարաբերութիւնը»: Համագումարին փակման խօսքը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր խօսքին մէջ յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց ազգին եւ եկեղեցւոյ անձնուիրաբար ծառայելու հրամայականը` քահանայութեան տիպար ունենալով Ղեւոնդեանց քահանաները:

Ապա միաբաններն ու քահանայից դասը սեղանակից դարձան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Սիրոյ սեղանին շուրջ, վեհափառ հայրապետը խօսքը ուղղելով հոգեւորականներուն, շեշտեց անձնուրաց ծառայութեան ուխտի վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը: Ան, յիշեցնելով «Վերանորոգման» տարուան պատգամը, ըսաւ. «Վերանորոգումը հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը կը կազմէ: Եկեղեցւոյ շարականներն ու մեր հայրերը իրե՛նք եւս կարեւորութեամբ շեշտած են վերանորոգուելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ վերանորոգումը բանալին է յաջողութեան: Վերանորոգումը կը սկսի ինքնաճանաչումով, եւ նոյն այդ գիտակցութեամբ է, որ մեր հոգեւորականները պէտք է ծառայեն Աստուծոյ եւ ժողովուրդին` միշտ ի մտի ունենալով Ղեւոնդեանց քահանաներուն սուրբ հաւատքը»:

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ եւս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը:

Scroll Up