Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը Ստացած է Ցեղասպանութեան 50-ամեակի Կրծքանշանը

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով, բժիշկ Յարութիւն Նագուլեան «Ազդակ»-ին նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ պատրաստուած լոկօ-կրծքանշանը, զոր կը կրէին ժողովրդային ցոյցերու կազմակերպիչները: Այս մասին կը հաղորդէ օրաթերթը։
Թանգարանային իրի նշանակութիւն ունեցող այս խորհրդանիշը գործն է հայրենի գեղանկարիչ Ռուբէն Յովնաթանեանի: