Մայրենիի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ ՌԴ Փուշկինօ Քաղաքին ՄԷջ

Փետրուար 21-ը ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի կողմէ յայտարարուած է Մայրենի օր: Այս կապակցութեամբ Փուշկինօ քաղաքի «Սթրոիտել» մշակոյթի տան մէջ կազմակերպուած էր մրցոյթ-փառատօն «Իմ հոգու երկիր» («Страна моей Души») խորագիրով:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն հայկական համայնքէն, տօնական մթնոլորտն ապահոված էին դահլիճին մէջ ներկայ Փուշկինօ շրջանի տարբեր ազգերու ներկայացուցիչները` ազգային հագուստներով, բեմին վրայ ցուցադրուած   ազգային  տարազներով տիկնիկները, որոնց  հեղինակն է Մոսկուայի մարզի Միտիշի քաղաքի Հրեաներու ազգամշակութային կազմակերպութեան նախագահ Էակատէրինա Իւանովնան:

Ձեռնարկին բացման խօսքին մէջ Բարեկամութեան միջազգային տան նախագահ Եուլեայ Լեւինան ըսաւ․

«Լեզուն իւրաքանչիւր ազգի համար այն կարեւորագոյն  մասնիկն է, որ պէտք է պահպանուի իւրաքանչիւր մարդու կողմէ որպէս սրբութիւն: Լեզուն ազգի պահպանման ամենակարեւոր գրաւականն է»:

Բեմէն հնչեցին տարբեր ազգերու բանաստեղծութիւններ ուզպեկերէն, թաթարերէն, ուքրաներէն, ռուսերէն, հայերէն, մոլտովերէն, պելառուսերէն  եւ այլ լեզուներով:

Իրենց գեղեցիկ ասմունքով եւ ոսկեղինիկ հայերէնով ներկաներուն հիացուցին Փուշկինոյի մարզի եւ Իվանտէեւկա քաղաքի «Արգիշտ» հայկական  մէկօրեայ դպրոցի սաները: Անոնք ասմունքեցին  Ե․Չարենցի, Հ. Սահեանի, Յովհ․ Շիրազի, Վ. Տէրեանի բանաստեղծութիւնները: Աշակերտներն արտասանեցին նաեւ  Յովհ․ Թումանեանի բանաստեղծութիւնները` շնորհաւորելով հայ մեծ բանաստեղծի ծննդեան օրը:

Շնորհաւորելով մասնակիցները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկի կազմակերպիչներուն` ժիւրիի անդամ, «Արգիշտ» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Ազնիւ Պարոնեան նշեց․

«Ռուսաստան կը բնակին բազմաթիւ ազգեր, եւ ամէն մէկ ազգի նպատակն է պահել եւ պահպանել  իր լեզուն, մշակոյթը, կրօնը: Քանի մը տարի է` այս օրը տօնական  դարձուցած ենք: Այսպիսի ձեռնարկները մեզի համար շատ կարեւոր են, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Հայաստանէն դուրս ամէնուր ազգային փոքրամասնութիւն է, ինչպէս մնացած ազգերը` իրենց հայրենիքներէն դուրս: Մենք` հայերս, կ’աշխատինք մեր ժառանգած  մայրենին, մշակոյթը եւ աւանդոյթները պահել եւ փոխանցել  մեծցող սերունդին, որ կ’ապրի եւ կը մեծնայ իր հայրենիքէն դուրս` համայնքներու, կիրակնօրեայ դպրոցներու, մշակութային կեդրոններու  եւ այսպիսի ձեռնարկներու միջոցով: Մենք պէտք է ըլլանք միասնական եւ համատեղ ջանքերով խաղաղ մթնոլորտ ստեղծենք Ռուսաստանի մէջ` չտարբերելով ազգութիւն եւ կրօն: Այսօրուան ձեռնարկը կրկին անգամ համոզեց մեզ` ներկաներուս, որ բոլորս մէկ նպատակ ունինք` գտնուելով հայենիքէն հեռու` պահպանել,փոխանցել մեր լեզուն եւ մշակոյթը»,- եզրափակեց Ազնիւ Պարոնեան:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր  Մոսկուայի մարզի պետական մանկական գրադարանի, Փուշկինոյի  քաղաքապետարանի եւ Փուշկինօ շրջանի Բարեկամութեան միջազգային տան ազգամշակութային կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ:   Այսօրինակ ձեռնարկները շարունակական բնոյթ պիտի կրեն (Մարտ 21-ի ձեռնարկին պիտի միանան Մոսկուայի մարզի բոլոր ազգամշակութային կազմակերպութիւնները):

%d5%ba%d5%b8%d6%82%d5%b7%d5%af%d5%ab%d5%b6%d5%b8%d5%ba%d5%b8%d6%82%d5%b7%d5%af%d5%ab%d5%b6%d5%b81%d5%ba%d5%b8%d6%82%d5%b7%d5%af%d5%ab%d5%b6%d5%b82 %d5%ba%d5%b8%d6%82%d5%b7%d5%af%d5%ab%d5%b6%d5%b83 %d5%ba%d5%b8%d6%82%d5%b7%d5%af%d5%ab%d5%b6%d5%b85

 

Scroll Up