Ստեփանակերտի ՈւՀԱ Խումբը Մոսկուայի Եւ Մերձմոսկովեան Կեդրոնական Մրցոյթին Լաւագոյնը Ճանչցուած Է

Ստեփանակերտի ՈւՀԱ խումբը երէկ` Փետրուար 16-ին, Մոսկուայի եւ մերձմոսկովեան կեդրոնական մրցոյթին լաւագոյն խումբ ճանչցուած է:
Այս մասին «Արցախփրէս»-ին հետ զրոյցին Մոսկուայէն յայտնեց խումբի ղեկավար Գէորգի Աւետիսեան: Անոր խօսքով, Մոսկուայի «Планета КВН» մեծ սրահին մէջ մեր տղաները հանդէս եկած են բազմաթիւ այլ ճանչցուած ռուսական խումբերու հետ եւ մեծ ընդունելութեան արժանացած:
«Մեր խումբը փայլուն ելոյթ ունեցած է Մոսկուայի եւ մերձմոսկովեան կեդրոնական մրչցոյթին եւ փառատօնի ժիւրիին եւ հովանաւորին կողմէ ճանչցուած է լաւագոյն խումբ», – ըսած է Աւետիսեան եւ աւելցուցած, որ մրցոյթին վերջնական արդիւնքները յայտնի կը դառնան Փետրուար 20-ին: