Հաղպատի Մէջ Սայաթ Նովայի Թանգարան Պիտի Բացուի

Հաղպատի մէջ մօտ ապագային Սայաթ Նովայի թանգարան պիտի կառուցուի: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը ունի որոշման նախագիծը։ Այդ մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:

«Ունինք 17 ներդրումային ծրագիրներ, որոնց մեծ մասը արդէն մեկնարկած է եւ յառաջիկայ մէկ-երկու ամիսներուն իրականութիւն կը դառնան: Բայց անոնց իւրաքանչիւր օր, իւրաքանչիւր ամիս կ՛աւելնան նոր գաղափարներ», -նշած է Ամիրեան, կը յայտնէ Panorama.am-ը:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ նախընտրական շրջանը որքանով կրնայ ազդել ներդրումային ծրագիրներուն վրայ, առկախել զանոնք` նախարարը ըսած է. «Չեմ կարծեր, որովհետեւ կայ աշխատակազմ, կան մարդիկ, կան ՊՈԱԿ-ներ, որոնք համաձայն պետական ծրագիրներու, յանձնարարականներու կ՛աշխատին, եւ ներդրումային ծրագիրներուն մեծ մասը մասնաւոր հատուածի հետ համագոծակցութեան արդիւնք է, իսկ մասնաւորը շահագրգռուած է շատ արագ իրականացնել զանոնք»:

Scroll Up