Դոկտ. Վարդան Գրիգորեան Ֆրանսայի Կառավարութեան «Ասպետ»ի Կոչումը Կը Ստանայ

Ասպարէզ-Նիւ Եորք հաստատուած «Քարնըկի» հիմնարկի նախագահ դոկտ. Վարդան Գրիգորեան, Փետրուար 9ին կայացած արարողութեան մը ընթացքին արժանացած է Ֆրանսայի կառավարութեան պատուոյ «Ասպետ» կոչումին, վերջին երեք տասնամեակներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութեանց սերտացման նպատակով անոր կատարած սպասարկութիւններուն իբրեւ գնահատանք։

Շքանշանը Գրիգորեանին յանձնուած է ձեռամբ Միացեալ Նահանգներու մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժերար Արոյի, որ իր կարգին դրուատած է յատկապէս երկու երկիրներու բարձրագոյն ուսման հիմնարկներուն միջեւ կապերը սերտացնելու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ֆրանսական մշակոյթի ու ֆրանսերէնի ուսուցումը քաջալերելու գծով Գրիգորեանի ջանքերը։

Դոկտ. Վարդան Գրիգորեան 1997էն ի վեր «Քարնըկի» հիմնարկի 12րդ նախագահն է: Ան նախապէս (1989-1997) եղած է Ռոտ Այլընտի «Պրաուն» համալսարանի տնօրէն:

Թաւրիզ ծնած Գրիգորեանը իր նախնական ուսումը Պարսկաստանի մէջ ստանալէ ետք՝ երկրորդական ուսումը ամբողջացուցած է Լիբանանի մէջ, իսկ դոկտորական կոչումը ստացած է «Սթենֆըրտ» համալսարանէն՝ 1964ին:

Scroll Up