Արժանթինի Խորհրդարանը Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Արժանթինի Ազգային քոնկերսը (խորհրդարան) քննարկմանն ներկայացուած է ցեղասպանութիւններու, որոնց շարքին Հայոց ցեղասպանութեան, ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Օրինագիծը ներկայացուցած է պատգամաւոր Նիլտա Հարրէն, որ նախապէս պաշտպանութեան նախարար եղած է: Այդ մասին յայտարարած է ինքը Հարրէն Prensa Armenia-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Ըստ օրինագիծին, իւրաքանչիւրը, որ «հրապարակաւ կը ժխտէ, նուազագոյնի կը հասցնէ, կ՛արդարացնէ կամ հաւանութիւն կու տայ ցեղասպանութեան որեւէ ձեւի կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն», պիտի դատապարտուի Արժանթինի Քրէական օրինագիծի համապատասխան յօդուածով:

«2006-ին Ազգային ժողովը ընդունած է 26,199 օրէնքը Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, որուն զոհ գացած է հայ ժողովուրդը: Հետեւաբար, պարզ է, որ անիկա ընդգրկուած է մեր ներկայացուած նախագիծին մէջ»,-ըսած է Հարրէն:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի վերջին այցին Արժանթին` ան ըսած է. «Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կրնայ Թուրքիան արձագանգել: Բայց ես գիտեմ, որ Արժանթինի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան պետութիւն է, իսկ Ազգային քոնկերսը կը ներկայացնէ անոր լիազօրութիւնները»:

Չաւուշօղլուի այցը Արժանթին Թուրքիոյ ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեայի այցը վերջին էր 20 տարուան ընթացքին: Ատոր նպատակը, ըստ Չաւուշօղլուի, «աւելի սերտ կապեր հաստատելն էր բարեկամ երկիրներու հետ` դիմագրաւելու համաշխարհային խնդիրները»: Հայ համայնքը դատապարտած է Չաւուշօղլուի այցը` ընդգծելով, որ ան կը ներկայացնէ պետութիւն մը, որ կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ նաեւ կ՛աջակցի Ատրպէյճանին Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմական գործողութիւններուն:

Scroll Up