Հայ Զինուորը Նամակ Ունի Լոս Անճելըսէն

Լոս Անճելըս քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանի 9-12 տարեկան աշակերտները նամակներ գրեցին սահմանապահ զինուորներուն: Նամակներուն մէջ պատանիները, ի միջի այլոց, շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց «մեծ եղբայրներուն»՝ քաջ ծառայութեան համար: Աշակերտները նաեւ ուժ, կորով եւ խաղաղ տուն վերադարձ մաղթեցին զինուորներուն: Նամակները մօտ օրէն ճամբայ կ’ելլեն դէպի Արցախ ու կը հասնին զօրամասեր:
Նշենք, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը, սրտակից Հայրենիքի հետ, 28 Յունուար Շաբաթ օր տօնած էր Բանակի Օրը: