Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան 2017 Թուականի Ծրագիրները Նուիրուած Կ´ըլլան Արցախին

Պարսելոնայի հայկական մշակութային միութեան անդամները, մէկօրեայ դպրոցի աշակերտները եւ «Հայորդիք» պարախումբի սաները միացած   են   ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան   «Դուն ի՞նչ   կ´ընես Ղարաբաղի համար» շարժումին:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, ընդառաջելով ԼՂՀ կառավարութեան կոչին, Միութեան անդամները Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան միջոցով նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերեցին, ինչպէս նաեւ` զօրակցական հաւաքներ նախաձեռնեցին Պարսելոնայի մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը` 2017 թուականին ընթացքին Միութիւնը նախատեսած է տարբեր բնոյթի մշակութային եւ քարոզչական ձեռնարկներ, որոնք նուիրուած պիտի ըլլան Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն:

Միութիւնը, որ հիմնադրուած է 2006 թուականին, մշտապէս աշխոյժ նախաձեռնութիւններով  հանդէս կու գայ` կանգնելով արցախահայութեան, Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն կանգնած զինուորներուն կողքին, ինչպէս նաեւ` կը կազմակերպէ հայաճանաչութեան ու հայապահպանութեան նուիրուած ծրագիրներ Պարսելոնայի մէջ:

Միութիւնը, նաեւ, ԻԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համատեղ կը կազմակերպէ ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ` կարողութեան չափով կը սատարէ դեսպանութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն:

%d5%a2%d5%a1%d6%80%d5%bd%d5%a5%d5%ac%d5%b8%d5%b6%d5%a11%d5%a2%d5%a1%d6%80%d5%bd%d5%a5%d5%ac%d5%b8%d5%b6%d5%a1

 

Scroll Up