Խաչքարի Զետեղում Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի Մէջ

«Ազդակ».- Վերջերս մահացած Մատլէն Օհանեան-Թաշճեանի կտակն էր «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ կանգնեցնել խաչքար մը՝ ի յիշատակ իր հօր՝ Յարութիւն Օհանեանի եւ մեծ հօր Կարապետ Եայլայեանի:

Խաչքարի տեղադրումը կատարուեցաւ 8 Յունուար 2017ին, ներկայութեամբ Մատլէն Օհանեան-Թաշճեանի ամուսինին՝ տոքթ. Վարդան Թաշճեանի, դստեր՝ Մարիյէթ Թաշճեանի, մօտիկ ընկերներու եւ ազգականներու: Խաչքարի զետեղման արարողութիւնն ու Մատլէն Օհանեան-Թաշճեանի քառասունքի յիշատակումը կատարուեցաւ «Արամ Պեզիքեան» թանգարանի պատասխանատու Պսակ վրդ. Թեփիրճեանի կողմէ, մասնակցութեամբ «Թռչնոց Բոյն»ի անձնակազմին:

Scroll Up