ՀԱԼԷՊԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ

Հալէպի Ազգային վարժարաններէն ներս աւանդութիւն դարձած է Տեառնընդառաջի նշումն ու հրավառութիւնը:
Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2017-ի առաւօտեան, Ազգ.Մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտները, ուսուցչական կազմերը, տնօրէններն ու հոգաբարձական կազմերը միասնաբար տօնեցին Տեառնընդառաջը:
Ազգային մանկապարտէզի ինչպէս նաեւ նախակրթարանի աշակերտութեան օրուան խորհուրդը փոխանցեց Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան, իսկ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի աշակերտութեան՝ Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան: Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»:
Անոնք նախ անդրադարձան հայկական ազգային տօներու ոգեկոչման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին աշակերտներուն ընդմիշտ տէր կանգնելու անոնց: Ապա մանրամասնօրէն բացատրեցին Տեառնընդառաջի տօնը՝ նշելով որ Տեառնընդառաջը քառասնօրեայ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման օրն է, որ Հայ առաքելական եկեղեցին կը տօնէ 13-14 Փետրուարին: Երբ Յիսուս Քրիստոս քառասուն օրուան կ՛ըլլայ, Յովսէփն ու Մարիամ Աստուածածինը զայն կը տանին Աստուծոյ տաճար. մեծ աղմուկով կը բացուին տաճարի արեւելեան դռները, որոնք փակ էին դարերէ ի վեր: Երուսաղէմի մէջ փոքրիկ Յիսուսը տեսնելով` անոր ընդառաջ կու գայ Սիմէոն ծերունին, որուն Աստուած խոստացած էր, թէ պիտի չմահանայ, մինչեւ տեսնէ աշխարհին Փրկիչը: Սիմէոն ծերունին կ՛ըսէ. «Կրնամ խաղաղութեամբ մահանալ, որովհետեւ տեսայ Քու խոստացած փրկութիւնդ»: Հոսկէ ծագած է տօնին անունը: Իսկ խարոյկ վառելու սովորութիւնը կու գայ Քրիստոսի` լոյսով մաքրագործելու խորհուրդէն:
«Տեառնընդառաջ»ի օրը Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագ կը մատուցուի, տեղի կ՛ունենայ անդաստանի արարողութիւն, կ՛օրհնուին երկրի չորս կողմերը, որպէսզի տարին ըլլայ արգասաբեր, ապա տեղի կ՛ունենայ նախատօնակի ժամերգութիւն, որմէ ետք բակերուն մէջ կրակ կը վառեն, հաւատացեալները այդ կրակէն մոմեր վառելով տուն կը տանին` Քրիստոսի աստուածային լոյսով իրենց օճախները օրհնութեամբ լեցնելով: Տեառնընդառաջին խարոյկ վառելը լուսաւորելու` գիրն ու գրականութիւնը, արժէքներն ու հարստութիւնները պահպանելու գաղափարը կը կրէ նաեւ:
Կայ նաեւ խարոյկին վրայէն ցատկելու սովորութիւնը՝ չարէն պաշտպանուելու նպատակով:
Յիսուսի տաճար ընծայումի տօնին առիթով ո՛չ միայն եկեղեցական տօնակատարութիւն կը կատարուի, այլեւ առիթ է հայ մանուկները Աստուծոյ ընծայելով փառք տալու Անոր մեր երջանկութեան համար: Անոնք Աստուծոյ պարգեւներն են ծնողներուն տրուած: Աստուած զանոնք յանձնած է իբրեւ աւանդ: Ուստի, պէտք է այս տօնը առիթ ըլլայ մեր զաւակները դաստիարակելու այնպէս, ինչպէս Աստուած ի՛նք պիտի ուզէր, որ անոնք դաստիարակուէին:
Ճեմարանէն ներս աշակերտութեան անունով խօսք առաւ նաեւ Անժելա Չաղլասեան, որ ներկայացուց Տեառնընդառաջի հետ կապուած հայկական աւանդութիւնները:
Ապա աշակերտները, դասարան առ դասարան, երգեցին, շրջեցան խառոյկին շուրջ, իսկ փոքրիկները իրենց ձեռային աշխատանքով պատրաստուած լապտերներ ստացան: