Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանի Նախկին Շէնքի Կարգավիճակը Կը Փոխուի

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ կարեւոր որոշում մը առաւ մերհամայնքին տեսակէտէն: Այսպէս, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Վաքըֆներու խորհուրդի հերթական ժողովը: Վաքըֆներու խորհուրդին մօտփոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ ժողովին ընթացքին հաւանութիւնտրուած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի դիմումին՝ որպէսզի Տատեանվարժարանի նախկին շէնքին կարգավիճակը փոխուի՝ իր տարածքով հանդերձ: Ցարդ բարենպատակ բնոյթիգործունէութեան համար վերապահուած այդ կալուածին կարգավիճակը ենթարկուեցաւ փոփոխութեանեւ այդ մէկըվերածուեցաւ հասութաբերի: Վաքըֆներու խորհուրդը յարմար դատած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածինեկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համապատասխան պահանջը, կը հաղորդէ Պոլսոյ “Ժամանակ” թերթը։

Վաքըֆներու խորհուրդի այս որոշման կապակցութեամբ կապ հաստատեցինք Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի հետ: Ան յայտնեց, որ սա ողջունելի որոշում մըն է իրենց տեսակէտէն: Արդարեւ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը յառաջիկայ շրջանին պիտի կարենայ նպատակասլաց ձեւով արժեւորել դպրոցի նախկին շէնքը: Ծանօթ է, որ միջոցէ մը ի վեր թաղային խորհուրդը արդէն որոնումներու մէջ էր՝ դպրոցի հին շէնքը վարձու տալու ուղղութեամբ: Այդ ծրագիրը կենսական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Տատեան վարժարանի նոր համալիրի օգտագործման զուգահեռ, անհամեմատօրէն բարձրացած է Պաքըրգիւղի պիւտճէն: Թաղային խորհուրդը մեծ ջանքեր կը գործադրէ թաղի ելեւմտական կայունութիւնը երաշխաւորելու համար: Այս պայմաններուն մէջ, վարժարանի հին շէնքին վարձու տրուիլը կրնայ նոր հորիզոն մը բանալ Պաքըրգիւղի ընտանիքի ընթացիկ գործունէութեան բնականոնացման տեսանկիւնէն: Միջոց մը առաջ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի համապատասխան նախաձեռնութիւնները համայնքէն ներս յառաջացուցած էին բողոքի ալիք մը, սակայն այդ հակազդեցութիւններու մթնոլորտին մէջ կարելի չէր եղած համոզիչ պատասխան մը գտնել, թէ թաղային խորհուրդը ինչպէս պիտի կարենայ դիմագրաւել թաղի մը դպրոցին ծախսերը, առանց արժեւորելու կալուածները, ներառեալ դպրոցի հին շէնքը: Հարկ է յիշեցնել, որ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը դպրոցի հին շէնքը արժեւորելու մտադրութեան ծիրէն ներս կը դրսեւորէ լուրջ նախանձախնդրութիւն եւ սկզբունքօրէն կը խնայէ պատմական բաժինը: Վարձակալութեան համար նախատեսուած են մօտաւոր անցեալին այդ պատմական շէնքին վրայ աւելցուած բաժինները:

Մեսուտ Էօզտեմիր մեզի յայտնեց, որ հին շէնքի վարձակալութեան համար արդէն անհրաժեշտ էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հաւանութիւնը: Հետեւաբար, հիմա, որ կայ այդ անհրաժեշտ թոյլտուութիւնը՝ թաղային խորհուրդն ալ պիտի կարենայ աւելի ինքնավստահ ձեւով շարունակել այդ որոնումները:

Միջանկեալ ձեւով յիշեցնենք, թէ Տատեան վարժարանի հին շէնքը արդէն գործնականօրէն վարձու էր միջոցէ մը ի վեր: Այդ մասին հրապարակումներ ալ եղած էին, նոյնիսկ գովազդներ տեղ գտած՝ համացանցային համապատասխան կայքերու վրայ: Ծանօթացման այս արշաւը տեղի տուած էր անհանգստութեան ալիքի մը: Կարգ մը նախկին շրջանաւարտներ վիրաւորական համարած էին երեւոյթը: Լայնախարիսխ գործելու սկզբունքով առաջնորդուած՝ թաղային խորհուրդը խորհրդակցական հանդիպում մըն ալ կազմակերպած էր՝ հին շէնքի արժեւորման աշխատանքներուն ծիրէն ներս:

Scroll Up