Ֆերահեան Վարժարանի 8րդ Կարգի Աշակերտները Ազգային Առաջնորդարան Կ՛այցելեն

Ասպարէզ- Գեղեցիկ սովորութեան համաձայն եւ հաւատարիմ մնալով Ազգային առաջնորդարանին յարկը ուխտավայր նկատելու աւանդութեան՝ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, Փետրուար 2ի առաւօտուն այցելեցին Ազգ. առաջնորդարանը եւ հիւրընկալուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին նաեւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան: Աւելի քան 30 աշակերտներուն կ՛ընկերանային վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանն ու դաստիարակներ։

Աշակերտները առաջին հերթին առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր ունեցան աղօթքի պահ մը։ Սրբազանը ողջունեց աշակերտներուն ու դաստիարակներուն այցելութիւնը եւ սեղմ գիծերու մէջ բացատրութիւն տուաւ մատուռի անուանակոչութեան մասին:

Ապա, աշակերտները անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր ներկայացուցին կոկիկ եւ ճոխ գեղարուեստական յայտագիր մը: Աշակերտուհի Թալին Քրումեան, ընկերներուն անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց սրբազանին, հոգեւոր հայրերուն, տնօրէնուհիին եւ դաստիարակներուն, սոյն առիթի ստեղծման համար, նշելով, որ Վարդանանց տօնի նախօրեակին զուգադիպող այս այցելութեան առիթով պատրաստած են ընդհանրապէս այդ տօնին նուիրուած յայտագիր մը եւ կ՛ուզեն լսել առաջնորդին պատգամը:

Այնուհետեւ, աշակերտները հանդէս եկան խմբային արտասանութիւններով, երգերով ու դաշնակի վրայ երաժշտական կտորներով: Անոնք ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանէն, Դանիէլ Վարուժանէն, Վահան Թէքէեանէն եւ Եղիշէէն, իսկ երաժշտութեան ուսուցիչներու խմբավարութեամբ՝ երգեցին «Սարդարապատ»ը:

Աշակերտական յայտագիրի աւարտին առաջնորդը ուղղեց իր պատգամը: Ան ողջունեց աշակերտներուն եւ դաստիարակներուն այցելութիւնը Ազգի տուն, գնահատանքով արտայայտուեցաւ ներկայացուած յայտագիրին մասին եւ դրուատեց աշակերտներուն ու ուսուցիչներուն ճիգը: Ապա, հանգամանօրէն անդրադարձաւ այս օրերուն զուգադիպող հայկական տօներուն՝ յիշեցնելով, որ աշակերտները մատրան մէջ տեսան Ս. Տրդատ թագաւորին ու Ս. Աշխէն թագուհիին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռամբ մկրտութեան պատկերը, հայկական մշակոյթի հիմնադիրներուն՝ Ս. Սահակ հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի պատկերը, իսկ մօտ ատենէն, անոնց կողքին տեղ պիտի գտնէ Ս. Վարդանանց նուիրուած պատկեր մը: Ան խօսեցաւ այս երեք արժէքները իրարու կապող պատմական եղելութեանց մասին՝ ընդգծելով, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ 301 թուականին Հայաստանը լուսաւորեց քրիստոնէութեան լոյսով, Թարգմանիչ հայրերը դար մը ետք մեր մշակոյթն ու քրիստոնէութիւնը հայացուցին՝ գիրի ու գրականութեան ճամբով, իսկ Վարդանանց հերոսամարտը կերտող սպարապետն ու նախարարները վերահաստատեցին քրիստոնէութեան, հայկականութեան ու սեփական մշակոյթին հաւատարմութեան ուխտը՝ մերժելով Յազկերտի պահանջները:

Սրբազանը յայտնեց, որ Փետրուար 5ին, մեր եկեղեցին պիտի նշէ Առաջաւորաց պահքը, որ կ՛ոգեկոչէ քրիստոնէութեան ընդունման համար պատրաստութեան խորհուրդը, իսկ անոր կը յաջորդեն Ս. Սարգիս զօրավարին, Ս. Ղեւոնդեանց ու Ս. Վարդանանց տօները՝ Փետրուարը վերածելով քրիստոնէական հաւատքին հանդէպ մեր ուխտի վերանորոգութեան տօնական շրջանի մը: Ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ, որ աշակերտներու արտասանութիւններուն եւ ընթերցումներուն ընդմէջէն Վարդանանց հերոսամարտի պատգամներն ու մեր քրիստոնէական արժէքները հնչած են հարազատօրէն, ու իր խօսքը եզրափակեց՝ կոչ ուղղելով աշակերտներուն, որ վերանորոգեն քրիստոնէութեան ու մեր մշակութային ժառանգութեանց հանդէպ հաւատարմութեան ուխտը, բա՛ց ականջներով ու հոգիով ընկալեն ուսուցիչներուն ու երէցներուն կողմէ իրենց աւանդուած արժէքները, ապրին զանոնք ու ապագային այդ բոլորը փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն:

Աշակերտները յուշանուէրներ բերած էին առաջնորդին, որ իր կարգին ծանօթ արուեստագէտ Հրայր «Բազէ» Խաչերեանի «Yergir 2 Yergir» հատորէն օրինակ մը նուիրեց վարժարանի գրադարանին, իսկ աշակերտներուն նուէր տրուեցան խաչեր, նկարներ եւ էջադիրներ:

Հանդիպումը վերջ գտաւ «Պահպանի»չով, ապա, բոլորը միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Մեր Հայրենիք»ը: Աւարտին, աշակերտները առիթ ունեցան ծանօթանալու Ազգ. առաջնորդարանի ներքին բաժանմունքներուն եւ լուսանկարուեցան Ցեղասպանութեան Ս. նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին առջեւ:

Scroll Up