Պըրպենքի ՀԵԴի Կրտսերներու Տօնական Օրերու Գործունէութիւնը

Ասպարէզ-Յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով, Պըրպենքի ՀԵԴի կրտսերներու «Կայծակ» մասնաճիւղը տօնական օրերու յատուկ շարք մը բարեսիրական ծրագիրներ իրականացուց։
Այս տարուան գործունէութեան գլխաւոր մասը յատկացուած էր Գորիսի եւ անոր մօտակայ գիւղերուն մէջ կարօտեալ երեխաներու նուէրներ ապահովելու գործին, որուն շնորհիւ կարելի եղած է աւելի քան 80 նուէր առաքել։
Այս աւանդութիւնը սկիզբ առաւ, երբ մասնաճիւղի պատանիները 1988ի երկրաշարժին մասին դաստիարակչականի մը հետեւեցան, իսկ անկէ ետք վերածուեցաւ տարեկան աւանդութեան։
«Կայծակ» մասնաճիւղի համավարիչ Նազելի Խոտապախշ կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան տօնական օրերուն, պատանիները նաեւ յատուկ նուէրներու հաւաք մը կատարած են՝ աջակցելու Պըրպենքի հրշէջներուն կողմէ ամէն տարի իրականացուող կարօտեալ երեխաներու համար նուէրներու հաւաքին, ինչպէս նաեւ այցելած են Իկըլ Ռաքի «Արարատ Տուն»ը՝ իրենց երգերով ուրախացնելով տեղւոյն հայ տարեցները։
ՀԵԴի կրտսերներու մասնաճիւղերուն կրնան անդամակցիլ 8-16 տարեկան պատանիներ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ayfjuniors@ayfwest.org հասցէին կամ (818) 500-8883 թիւին։