ՀՕՄը պիտի շարունակէ իր օգնութիւնը Հայաստանին, Արցախին եւ Ջաւախքին,

Ասպարէզ-Ուրբաթ, 3 Փետրուար 2017ի երեկոյեան, ՀՕՄի շուրջ 400 համակիրներ, հովանաւորներ, նուիրատուներ եւ անդամներ, մեծ ոգեւորութեամբ փութացած էին «Տաղլեան» մշակութային համալիրը, մասնակից դառնալու համար ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան տարեկան կալային, եւ անոր ընդմէջէն՝ տօնախմբելու մարդասիրական այս կազմակերպութեան արձանագրած նուաճումները, գնահատելու անոր տեղական եւ համաշխարհային ծրագիրներն ու բարենպաստ աշխատանքները:
Տարեկան այս գեղեցիկ ձեռնարկին կը մասնակցէին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ փոխատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան, Ռիթա Հինդլեան եւ Մարալ Մաթոսեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան, Հայ Դատի Արեւմտեան Ամերիկայի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան եւ վարիչ տնօրէն Էլէն Ասատրեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Արամ Երեմեան, Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհուրդի նորընտիր անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Զարեհ Սինանեան եւ Վարդան Կարապետեան, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի նախագահ դոկտ. Արմինա Կարապետեան, Կլենտէյլ քոլեճի խնամակալ մարմինի փոխնախագահ դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Հետզհետէ սրահ ժամանած մասնակիցները, ընկերային մտ-երմիկ ժամ մը անցընելէ եւ լուռ աճուրդի մասնակցելէ բացի, նաեւ պաստառի վրայ ականատես եղան ՀՕՄի նոր կայքէջի մանրամասնութիւններուն: Ձեռնարկի մասնակիցները մեծապէս գնահատեցին ՀՕՄի նոր կայքը, ապա մուտք գործեցին սրահ եւ առաջին հերթին ըմբոշխնեցին օրուան պաշտօնական յայտագիրը, որ սկիզբ առաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՕՄի քայլերգներու մեներգումով, զոր գեղեցկօրէն կատարեց սիրուած երգիչ Ռաֆֆի Քերպապեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Յովսէփ Թորոսեանի:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ներկաները ողջունեց եւ անոնց ներկայութիւնը բարձր գնահատեց Քրիսթին Յովնանեան, որ յիշեցնելով Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2017 տարին «Վերանորոգման տարի» յայտարարուած ըլլալը՝ վստահեցուց, որ ՀՕՄը վերանորոգուած ոգիով եւ հասարակաց նպատակով յառաջ պիտի մղէ իր մարդասիրական լայնածաւալ ծրագիրները: Ապա, ան ներկայացուց օրուան հանդիսավարը՝ ՀՕՄի երկար տարիներու զօրավիգ Ալիս Պետրոսեանը եւ բեմ հրաւիրեց զայն:
Ալիս Պետրոսեան ներկայիս Լոս Անճելըս գաւառի Կիներու յանձնաժողովի, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Դաստիարակչական յանձնախումբի նախագահն է: Ամբողջ կեանքին ընթացքին, ան եղած է դաստիարակ-առաջնորդ Կլենտէյլի եւ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջաններուն: Զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած է նահանգային մարմիններու եւ յանձնաժողովներու մէջ: Ա. Պետրոսեան ծանօթ է համայնքին մատուցած իր ծառայութիւններով եւս: Ան բազմաթիւ անգամներ պարգեւատրուած է, յատկապէս կիներու եւ փոքրերու առնչուող կազմակերպութիւններէ ներս իր կամաւոր ծառայութիւններուն համար:
Ալիս Պետրոսեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար եւ հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ ինք մեծ հաւատք ունի ՀՕՄին հանդէպ, որուն մասին տեղեկացած է հաւատաւոր ՀՕՄուհի իր մօրմէն ու կեսուրէն, որոնց շնորհիւ նաեւ՝ դարձած է մարդասիրական այս կազմակերպութեան հաւատարիմ ջատագով բարեկամներէն մէկը: Այնուհետեւ, ան ձեռ-նհասօրէն վարեց ի-րեն վստահուած հան-դիսավարի պարտականութիւնը եւ մերթ ընդ մերթ ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը:
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եւ իր շնորհաւորանքները փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Առաջնորդ հայրը բարձր գնահատեց ՀՕՄի մեծ ընտանիքի անդամները, որոնք լաւապէս կը կատարեն իրենց վստահուած մարդասիրական պարտականութիւնները՝ հաւատարիմ մնալով ՀՕՄի առաքելութեան:
ՀՕՄին մօտիկ բարեկամ՝ Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ իր կարգին բարձր գնահատեց գաղութին մատուցուած ՀՕՄի մարդասիրական ծառայութիւնները եւ յատուկ գնահատագիր մը յանձնեց Շրջանային վարչութեան, յանձին ատենապետուհի Ռեպեքա Պէրպէրեանի:
Գոհունակութեամբ ստանձնելէ ետք գնահատագիրը, Ռ. Պէրպէրեան փոխանցեց Շրջանային վարչութեան պատգամը: Առաջին հերթին, հպանցիկ ակնարկ մը նետելով ՀՕՄի առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն՝ ան անդրադարձաւ շրջանի ներկայ պայմաններուն եւ ըսաւ. «Նկատի ունենալով ներկայ քաղաքական մթնոլորտն ու ընդունուած քաղաքականութիւնը, մենք աւելի քան երբեք պիտի կատարենք տքնաջան մեր աշխատանքը: Այն իրականութիւնները, զորս մենք կը դիմագրաւենք այսօր, կը վերահաստատեն մեր կազմակերպութեան իմաստն ու կշիռը, որոնց վրայ ան հիմնուած է աւելի քան մէկ դար առաջ, մեղմացնելու համար յարափոփոխ մարդկանց կարիքներուն նկատմամբ տարուող պայքարն ու դժուարութիւնները, որպէսզի կարենանք բարեկեցիկ կեանք մը ապահովել հեռու եւ մօտ ապրող մարդկանց ու համայնքներուն»։ Պէրպէրեան վստահեցուց, որ ՀՕՄը պիտի շարունակէ իր օգնութիւնը Հայաստանին, Արցախին եւ æաւախքին, ինչպէս նաեւ տեղական համայնքներէ ներս իր պայքարը պիտի շարունակէ՝ տնազրկութեան, աղքատութեան եւ ընտանեկան բռնութեանց դէմ:
Ապա, ան անդրադարձաւ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու եւ Հոգեբանական կեդրոնի լայնածաւալ ծառայութիւններուն, ՀՕՄի 16 վարժարաններէն ներս շուրջ 750 մանուկներու հայոց լեզուի ու մշակոյթի ուսուցման, ՀՕՄի զանազան ծառայութիւններուն՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ, կեդրոնանալով նորագոյնին՝ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերաշինութեան ծրագիրին վրայ, որուն բացումը պիտի կատարուի Սեպտեմբեր 2017ին:
Այսուհանդերձ, Պէրպէրեան յայտնեց, թէ ՀՕՄը իր առջեւ ունի բազմաթիւ նպատակայարմար ծրագիրներ, որոնք կ՛առնչուին անդամարշաւի, աշխատանքի հորիզոններու ընդարձակման, ծրագիրներու ընդլայնման եւ նոր աղբիւրներու նուաճման: Եզրակացնելով՝ Պէրպէրեան խոստացաւ վերանորոգուած ուխտով շարունակել ՀՕՄի աշխատանքները՝ մի՛շտ վստահելով մեր համայնքի զօրակցութեան:
Ատենապետուհիին տպաւորիչ պատգամէն ետք ցուցադրուեցաւ շրջանին մէջ ՀՕՄին մատուցած լայնածաւալ ծառայութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Այնուհետեւ, խորհրդաւոր մթ-նոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկին տարեդարձը յատկանշող մոմավառութիւնը: 38 ՀՕՄասէրներ վառեցին իրենց հովանաւորած մոմը՝ իրենց հաւատացած կազմակերպութեան նորանոր լուսաւորումներու ակնկալութեան հեռանկարով:
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտէն ետք, երեկոն խանդավառեց «Ալըն Ճէյ» եւ իր նուագախումբը: Ալըն Ճէյ նաեւ յայտնեց իր յարգանքն ու հաւատքը ՀՕՄին՝ մեծապէս գնահատելով անոր անսահման ծառայութիւնները՝ հայ ժողովուրդին ու մարդկութեան: Երեկոն վերջ գտաւ ուշ գիշերուան ժամերուն:
Եզակի այս ձեռնարկի յաջող կազմակերպումով, ՀՕՄը անգամ մը եւս փաստեց, թէ ինք իր մարդասիրական ծրագիրներով յարգանքը կը վայելէ իր շրջապատին:
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ