«Այժմ Սուրբ Հողին Վրայ Կանգնելու Երջանկութիւնը Կը Վայելենք». Քրիստիան Կելիճի

«Շնորհակալ եմ, որ այսօր այստեղ էք. մենք բոլորս նոյն ճակատագիրը ունինք, երկրի կարօտը մեր հոգիին մէջ, քանի որ մեր հողին վրայ չենք գտնուած, իսկ այժմ Սուրբ հողին վրայ կանգնելու երջանկութիւնը կը վայելենք: Սա  այնպիսի զգացողութիւն մըն է, որ չենք ունեցած մանկութեան տարիներուն, փոխարէնը Հայաստանի կարօտը   զգացած ենք միշտ»,«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ՝ իր ելոյթին մէջ ըսաւ  հայրենադարձուած գործարար Քրիստիան Կելիճին` Փետրուար 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած «Մեր օրերու հայրենադարձները` տուն դարձածները» ձեռնարկին ընթացքին:

Քրիստիան Կելիճին, մտովի տեղափոխուելով մանկութեան տարիներ,  յիշեց, որ Հոլանտայի մէջ հեռու էր հայ իրականութենէն, հոլանտական  դպրոց կը յաճախէր եւ անոր կեանքը կը սահմանափակուէր միայն այդքանով: Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած եւ  Հոլանտա հաստատուած բարեկամները զինք հայրենասիրութիւն սորվեցուցած են` միշտ պատմելով Հայաստանի մասին եւ իր հոգիին մէջ արթուն պահելով հայ ըլլալու միտքը:

Գործարարը կէս կատակ, կէս լուրջ` կ’ըսէ, որ հօրմէ մէկ երեխայով առաջ անցած է` ինը երեխայ ունենալով` ընդգծելով այն փաստը, որ Հայաստանը կարելի է շէնացնել նաեւ շատ երեխաներ ունենալով:

«Ես կը սիրեմ իմ երկիրս, աշխատանքի մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններս կը վերագրեմ այն բանին, որ երբեք չեմ կեդրոնացած, թէ Հայաստանի մէջ ինչ խնդիրներ կան, քանի որ ատիկա բնական կը համարեմ որեւէ երկրի համար: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է նպաստէ Հայաստանի զարգացման: Խօսքս յատկապէս հայրենադարձուածներուն կը վերաբերի:

Մենք Աստուծմէ տրուած մեծ շնորհ ունինք, այդ շնորհը պէտք է լաւագոյնս ազգային շահերուն, Հայաստանի համար օգտագործենք, այն ծառայեցնենք մեր երկրի բարգաւաճման:

1992 թուականը` իմ հայրենադարձութեան տարեթիւը հոգիիս մէջ ունենալով,  կը շարունակեմ  իմ «պայքարս» Հայաստանի մէջ»,-իր խօսքը ամփոփեց Քրիստիան Կելիճին:

Գէորգ Չիչեան

 

 

 

Scroll Up