Հրանդ Տինքի Մահուան 10-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Վիեննայի ՄԷջ

Յունուար 22-ին Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ անուանի գրող, հրապարակախօս, «Ակօս» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուեցան Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, Աւստրիոյ խորհրդարանի անդամ, «Կանաչներու կուսակցութեան» ներկայացուցիչ Պերիւան Ասլան, աւստրիահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Ոգեկոչման արարողութիւնը սկսաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին մօտ ծաղկեպսակի զետեղմամբ` ի յիշատակ Հրանդ Տինքի:

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ, ուր ելոյթով հանդէս եկաւ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան: Վերջինս նշեց, որ 10 տարի առաջ այդ օրը Սթամպուլի մէջ կը մասնակցէր Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան` միաժամանակ շեշտելով, որ բաւականաչափ տպաւորուած էր յուղարկաւորութեան մասնակցող հարիւր հազարաւոր մարդոց ներկայութենէն, որոնք եկած էին յարգելու դաւադրաբար սպաննուած թրքահայ հասարակական գործիչի յիշատակը եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Հրանդի ընտանիքին, թրքահայ համայնքին եւ ողջ հայ ժողովուրդին:

Դեսպանը իր խօսքին մէջ նաեւ ընդգծեց, որ ցաւալի է, որ մէկ տասնամեակ անց դատավարութիւնը այդպէս ալ ի յայտ չէ բերած սպանութեան իրական կազմակերպիչները` համոզում յայտնելով, որ լրագրողներու եւ առհասարակ մտաւորականներու նկատմամբ բռնութիւններու եւ սպանութիւններու բացայայտման ձախողումը կամ ատոր ձգձգումը կը ստեղծէ անպատժելիութեան մթնոլորտ Թուրքիոյ մէջ եւ անով իսկ կը խրախուսուի անյարդուրժողականութիւնը:

Դեսպանը յիշատակեց նաեւ, որ Տինքի սպանութենէն տաս տարի անց Թուրքիոյ մէջ կը շարունակէ գերակայել ճշմարտութեան եւ արդարութեան ձգտող անձանց լռեցման նոյն գործելաոճը, որուն մասին կը վկայէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նիստերուն պատգամաւոր Կարօ Փայլանի մասնակցութեան արգելքը:

Անուհետեւ, ելոյթներով հանդէս եկան աւստրիահայ համայնքի ներկայացուցիչները, իսկ եզրափակիչ ելոյթով հանդէս եկաւ պատգամաւոր Պերիւան Ասլանը, որն իր խօսքին մէջ նշեց, որ երկու տարի առաջ ինք եւ իր կուսակիցները աշխոյժ աշխատանք տարած են Աւստրիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած յայտարարութեան նախաձեռնման եւ ընդունման գործին մէջ:

Ձեռնարկին աւարտին Վիեննայի պետական օփերայի պարիթոն Խաչիկ Պայուերթեանի կատարմամբ հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:

vienna

Scroll Up