Թուրքիոյ Մէջ Հայ Ակնագործներու Եւ Ոսկերիչներու Մասին Գիրք Մը Հրատարակուած Է Պոլսոյ Մէջ

Պոլսոյ Քեմերպուրկազ համալսարանի դասախօսական կազմի անդամ Ֆաթոշ Ալթընպաշ Սարըգիւլը Պոլսոյ «Փակ շուկայ» («Քափալը չարշը») անուամբ յիշատակուող (զբօսաշրջիկներու կողմէ «Կրանտ պազար» անուամբ ճանչցուած.-Tert.am) յայտնի շուկայի ակնագործներու եւ ոսկերիչներու մասին հրատարակած է գիրք մը, որ կոչած է «Վերափոխման պատմութիւն մը»:
«Ակօս»-ին տուած հայրցազրոյցի ընթացքին Սարըկիւլը նշած է, որ Պոլսոյ փակ շուկային մէջ իր հանդիպած ակագործներուն ու ոսկերիչներուն մեծ մասը հայեր էին եւ ցաւով արձանագրած, որ ներկայիս այդ արհեստը լուրջ անկում արձանագրած է տարբեր ընկերային խնդիրներու պատճառով:
«Իմ զրուցած 28 վարպետներէն միայն երեքը ասորիներ էին, մնացածը` հայեր», – կը նշէ գիրքին հեղինակը` աւելցնելով, որ պատմական շուկան արդէն տեսած է արհեստաւորներու տասնեակ սերնդափոխութիւններ:
Ներկայիս Պոլսոյ մէջ ակնագործութեամբ ու ոսկերչութեամբ կամ արծաթագործութեամբ զբաղող արհեստաւորները հիմնականօրէն Արեւելեան Անատոլիոյ (Արեւմտեան Հայաստանի-Tert.am) տարբեր գաւառներէն մօտ 30 տարի առաջ գաղթած քրիստոնեաներ են` սասունցիներ, պիթլիսեցիներ, մշեցիներ ու մարտինցիներ, անոնցմէ առաջ աւելի աշխոյժ էին բուն պոլսահայերը, որոնք արհեստը փոխանցեցին Պոլիս հասած գաւառահայերուն:
Հեղինակը կը նշէ, որ իւրաքանչիւր սերունդ եւ պատմական ժամանակաշրջան ուրոյն ձեւով արտայայտուած է պատրաստուած զարդերուն մէջ:
Ի դէպ, այժմ Պոլսոյ Փակ շուկային մէջ կ՛աշխատի մօտ երկու հազար հայ ոսկերիչ, իսկ հայերուն պատկանող ոսկերչական ապրանքանիշներուն թիւը կ՛անցնի հազարը:
Ըստ Սարըգիւլի` ակնագործութիւնն ու նման արհեստները այս համայնքներուն մէջ սկսան անկում ապրիլ երիտասարդներու` արհեստի փոխարէն բարձրագոյն կրթութեան ձգտումի հետեւանքով: