Իրանահայ Վաստակաւոր Արուեստագէտներու Գործերու Ցուցահանդէսը «Մարիամ» Զբօսայգիին ՄԷջ

Յունուար 6-ին Թեհրանի քաղաքապետարանի գեղարուեստական ու մշակութային կազմակերպութեան մշակութային հարցերով տեղակալի նախաձեռնութեամբ եւ Թ. Հ. Թ. «Արտակ Մանուկեան» թանգարանի համագործակցութեամբ` «Մարիամ» զբօսայգիի ցուցասրահին մէջ բացուեցաւ Իրանի արդի արուեստի իրանահայ հեղինակաւոր արուեստագէտներու աշխատանքներու ցուցահանդէսը:

tehranprelacy.com-ի հաղորդմամբ` ներկայացուած էին Լիլիթ Տէրեանի, Սերժ Աւագեանի, Էտման Այվազեանի, Սիմոն Այվազեանի եւ Գառնիկ Տէր-Յակոբեանի աշխատանքները:

Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ էին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեան, ԻԻՀ խորհրդարանին մէջ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան, նախկին պատգամաւոր պրն. Ռոպերթ Բեգլարեան, Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան, Գերշ. Տ. Մեղրիկ Ս. Եպս. Բարիքեան, ՀՀ դեսպանատան 3-րդ քարտուղար Արթուր Յակոբեան, ԹՀԹ Թեմական խորհուրդի անդամներու ներկայացուցիչները եւ  շարք մը արուեստասէրներ:

Ծրագիրին ընթացքին ելոյթ ունեցան Սրբազան Հայրը, դոկտ. Խանլարեանը եւ Թեհրանի քաղաքապետարանի գեղարուեստական ու մշակութային կազմակերպութեան մշակութային տեղակալ պրն. Մահմուտ Սալահին:

Ծրագիրի աւարտին գնահատուեցան  ներկայ 4 արուեստագէտները: Պրն. Էտման Այվազեանը, որ արտասահման ըլլալուն  պատճառով բացակայ էր բացման արարողութեան, իր գնահատականը ստացաւ ծրագիրի փակման ժամանակ` Յունուար 11-ին:

%d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%b6%d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%b62 %d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%b63%d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%b64 %d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%b65%d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%b66 %d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%b67 %d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%b68

Scroll Up