«Մոնաքոյի Սիրտը Հայ Մանուկներու Համար». Մեկնարկած Է Բարեգործական Ծրագիրը

«Մոնաքոյի սիրտը հայ մանուկներու համար» բարեգործական կազմակերպութեան, «Մոնաքոյի հումանիտար խումբի» եւ «Մոնաքոյի Կարմիր խաչի» համագործակցութեամբ սկիզբ առած նախաձեռնութեան ծիրէն ներս 2016թ. տարեվերջը Մոնաքոյի սրտաբանական կեդրոնին մէջ տեղի  ունեցած է առաջին հայ մանկան սրտի վիրահատութիւնը: Այն մեծ յաջողութեամբ կատարած են դոկտոր Օլիվիէ Ռայսկին եւ դոկտոր Ֆրանսուա Պուրլոնը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Ծրագիրի իրականացման աջակցութիւն  ցուցաբերած են նաեւ Մոնաքոյի իշխանութիւնները, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւ Մարսէլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը:

«Մոնաքոյի սիրտը հայ մանուկներու համար» բարեգործական կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 2015թ. Յուլիսին` Սրտի եւ կրծքավանդակի վիրահատութեան Մոնաքոյի կեդրոնի վիրաբոյժ, հայ փրոֆէսոր Արման Էկերի նախաձեռնութեամբ: Կազմակերպութեան պատուոյ նախագահն է Մոնաքոյի արքայազն Ալպերթ II-ը, իսկ պատուաւոր հովանաւորը` ծագումով հայ երգչուհի Էլէն Սէկարան:

Նշենք, որ հայ յայտնի վիրաբոյժ Արման Էկերը 2015թ. Սեպտեմբերին այցելած է Հայաստան, որուն ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ եւ ներկայացուցած իր կազմակերպութեան գործունէութիւնը:

Կազմակերպութեան նպատակն է Հայաստանի խիստ անապահով ընտանիքներուն` սրտի բարդ հիւանդութիւններով երեխաներու բուժման կազմակերպումը Մոնաքոյի սրտաբանական կեդրոնին մէջ, որոնց վիրահատական բուժումը հնարաւոր չէ կազմակերպել Հայաստանի մէջ: Երեխաներու փոխադրումը կ’իրականացնէ «Աւիացիա առանց սահմաններու» բարեգործական կազմակերպութիւնը, որմէ ետք նախավիրահատական եւ յետվիրահատական ապաքինման շրջանը վիրահատութեան մեկնած երեխան կ’իրականացնէ նախապէս ընտրուած հիւրընկալող ընտանիքի մէջ:

Կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ իրականացնել տարեկան մինչեւ 10 երեխայի բուժում:

 

 

Scroll Up