«Ստորջրեայ Աշխարհի Գաղտնիքները». Մոսկուաբնակ Հայ Նկարիչի Անհատական Ցուցահանդէսը Թէքէեան Կեդրոնին ՄԷջ

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը եւ Photo.Podium.com համացանցային պաշարը կը հրաւիրեն ներկայ գտնուելու մոսկուաբնակ հայ լուսանկարիչ Սերգէյ Գասպարեանի «Ստորջրեայ աշխարհի գաղտնիքները» անհատական ցուցահանդէսի բացման, որ տեղի պիտի ունենայ ս.թ. Յունուար 17-ին, ժամը` 15.00-ին, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ /հասցէ` Խանջեան 50/:
Սերգէյ Գասպարեան ծնած է 1953թ. Մոսկուա, բժիշկներու ընտանիքի մէջ: Կրթութեամբ եւ մասնագիտութեամբ վիրաբոյժ է, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր: 35 տարի կ’աշխատի Ռուսաստանի յառաջատար եւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող ՌԲԳԱ–ի Ն. ն. Պուրտենկոյի անուան նեյրովիրաբուժութեան գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ` որպէս ջիղերու վիրահատութեան բաժինի պետ: Ամբողջ ազատ ժամանակը կը նուիրէ լուսանկարչութեան, մասնաւորապէս` ստորջրեայ լուսանկարչութեան: Ըլլալով նաեւ փորձառու ջրասուզակ, կրցած է պատկերել մեր մոլորակի տարբեր ծովերու եւ ովկիանոսներու ստորջրեայ հրաշալիքները:
Մոսկովեան ժամանակակից լուսանկարչական ոլորտի աշխոյժ մասնակից է: Արհեստավարժ նկարիչներու ստեղծագործական միութեան (լուսանկարչութեան բաժին) անդամ է: Մասնակցած է շարք մը միջազգային ցուցահանդէսներու Երեւանի, Գիւմրիի, Թիֆլիսի, Մոսկուայի, Ս.Փեթերսպուրկի, Մինսքի մէջ. արժանացած է մրցանակային տեղերու: