Դէպի Արցախ Եւրոպացի Պատգամաւորներու եւ Տարբեր Գործիչներու Այցերը Պիտի Աշխուժանան

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Արցախի հարցին հետ կապուած աշխատանքը պիտի շարունակէ տարբեր ուղղութիւններով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան։
Ըստ անոր, աշխատանքները բաժնուած են քանի մը մասի: Նախ կազմակերպել եւրոպացի պատգամաւորներու, քաղաքական գործիչներու այցելութիւններ Հայաստան, Արցախ, ինչպէս նաեւ Արցախէն խորհրդարանական, քաղաքական, հասարակական պատուիրակութիւններու այցելութիւններ կազմակերպել դէպի Եւրոպա:
«Այդ տեսանկիւնէն 2016 թուականը բաւական աշխոյժ տարի էր: Մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ այցելեցին Արցախ: Արցախէն նոյնպէս դէպի Եւրոպա եղան աշխոյժ այցելութիւններ: Պելճիքա այցելեց նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: Մեր գործունէութիւնը այս նոյն ոգիով պիտի շարունակենք` հիմնուելով անցեալ տարուան աշխատանքներուն վրայ»,- ըսած է Պետօ Տէմիրճեան:
Ան նկատած է, որ Արցախ կատարած այցելութիւններէն ետք, պատգամաւորներու տպաւորութիւնները կը փոխուին, անոնք աւելի տեղեկացուած կը վերադառնան: Նման այցերու ժամանակ Արցախն ալ հնարաւորութիւն կ՝ունենայ եւրոպական տարբեր շրջանակներու մէջ բարձրացնել Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի ապրելու իրաւունքին, պետականաշինութեան մասին հարցեր:
Պետօ Տէմիրճեան նշած է, որ Արցախի զբօսաշրութեան տեսանկիւնէն կան լուրջ հեռանկարներ:
«Երկու ամիս առաջ Պելճիքայի մէջ ունեցանք Արցախին նուիրուած մեծ ցուցահանդէս մը, այդ ուղղութեամբ կապի մէջ ենք տարբեր շրջանակներու, ճամբորդական կազմակերպութիւններու հետ: Աշխատանք կը տանինք, որ զբօսաշրջային կազմակերպութիւնները իրենց փաթեթներուն մէջ ներառեն Հայաստանն ու Արցախը: Այդպիսով կը փորձենք խթանել Արցախի զբօսաշրջութիւնը»,- ըսած է Պետօ Տէմիրճեան:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հակադարձումներուն՝ Պետօ Տէմիրճեան նշած է, որ ատիկա կը կրէ մշտական բնոյթ:
«Ատրպէյճանի հակադարձումը, կարծես, սովորական դարձած ըլլայ, վարժուած ենք: Կրնամ ըսել, որ անոնք չեն յաջողիր խանգարել մեզ: Անոնք կ՝աշխատին քարոզչութեան դաշտի վրայ, իրականութենէն հեռու տեղեկութիւն կը տարածեն, իսկ կեղծ ծանուցումը կարճ կեանք կ՝ունենայ»,- ընդգծած է ան: