Սուրկուտի Միակ Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցը

ՌԴ Սուրկուտ քաղաքին մէջ վերջերս հայկական կրթօճախ մը բացուած է, վայր մը, որ, ըստ ամէնայնի, սուրկուտաբնակ հայ երեխաներուն համար կարճ ժամանակահատուածի մէջ վերածուած է ազգային մշակութային արժէքներուն հաղորդակցուելու, Մայրենին անաղարտ պահելու դարբնոցի: Նորաստեղծ «Գրիգոր Նարեկացու» անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը, անշուշտ, պիտի խթանէ, որպէսզի անոնք չկորսնցնեն ինքնութիւնն ու ազգային ոգին, ինչպէս նաեւ հոգեպէս իրենց հայոց կենարար հողին ամուր կանգնած զգան:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին դպրոցի տնօրէն Լիզա Իլպեկեանցը կը խօսի յառաջիկայ ծրագիրներուն, ծաղկուն եւ հայաստանակեդրոն դպրոց ունենալու տեսլականին մասին:
««Գրիգոր Նարեկացու» անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 6-ին:Դպրոցը միակն է Սուրկուտի հայկական համայնքին մէջ, ուր յիսուներեք աշակերտ կը յաճախէ, երեսունհինգ աշակերտ հայոց լեզուին չի տիրապետեր:
Օտարութեան մէջ գտնուելով`Հայրենիքէն մաս կազմելու եւ հայ մնալու պահանջը միշտ ուղեկցած է մեզ, այս միտքը իմաստաւորուած է յատկապէս դժուար օրերուն:
Առաւել մտահոգուած եղած ենք մատաղ սերունդին հայեցի մտածողութիւն, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու հարցով, որուն պատճառով ալ դպրոցի ստեղծումը առաջնահերթութիւն համարեցինք»,-ըսաւ դպրոցի տնօրէն Լիզա Իլպեկեանց` աւելցնելով, որ դպրոցի բացումը իրականութիւն դարձած է Սուրկուտի հայկական եկեղեցական համայնքին եւ բարերարներ Յովիկ Այվազեանի, Արամ Վարդանեանի, Արման Ջուլհակեանի,Դաւիթ Եղշատեանի եւ Սէյրան Զաքարեանի մեկենասութեամբ:
Լիզա Իլպեկեանցի վստահեցմամբ`հաշուի առած են համայնքի բազմաշերտ եւ բազմաբնոյթ ըլլալը, ուստի դպրոցի հիմնական գործառոյթը ազգապահպանութիւնն ու ուծացման վտանգը կանխելը պիտի ըլլայ: Այդ ամէնուն հասնելու համար`աշխատանքային ծրագիրին մէջ ներառած են տառաճանաչութեան, հայաշունչ խօսքի, հայրենագիտութեան դասաւանդումը, որուն միջոցով երեխաները օրինապահ, ազնիւ քաղաքացիներ կ’ըլլան եւ արժանապատիւ հայ կը մեծնան:
Կրթօճախը քաղաքի հասարակական, կրթական կեանքի մէկ մասը դառնալու համար պիտի փորձէ համագործակցիլ Սուրկուտի պետական մանկական ստեղծագործական կեդրոններուն հետ:
Դպրոցին մէջ անվճար հիմունքներով կ’աշխատին ուսուցչուհիներ Աղունիկ Աղայեան, Հերմինէ Գէորգեան, որոնց մասին դպրոցի տնօրէնը գորովանքի խօսքերով հետեւեալը ըսաւ.«Մեր ուսուցչուհիները բարձրագոյն մանկավարժական կրթութիւն ունին, մասնագիտական փորձառութեան եւ հմտութեան շնորհիւ` քաջ կը գիտակցին իրենց վստահուած գործի կարեւորութիւնն ու բարդութիւնը: Անոնց հոգին լի է Մայրենիին ծառայելու, աշակերտներուն մեսրոպալեզու դարձնելու կամքով եւ անձնուիրութեամբ` համոզուած ըլլալով, որ ազգային նպատակներուն հասնելուն կ’օգնեն միայն համախմբուած եւ կանոնակարգուած աշխատանքներու կազմակերպումը»:
Դպրոցի տնօրէնը իրենց առջեւ դրուած խնդիրներուն լուծումը կը տեսնէ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, ծնողներուն ամէնօրեայ անդուլ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` հայ բարերարներու աջակցութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարաութեան հետ մշտական կապի մէջ գտնուելու միջոցով:
Լիզա Իլպեկեանցն իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ փոխգործակցութիւնը` ընդգծելով, որ արդէն կը տեսնէ նախարարութեան հետ յետագայ աշխատանքներու հեռանկարները:
Միեւնոյն ժամանակ, համագործակցութեան կապեր հաստատած են հայկական այլ համայնքներու դպրոցներու եւ ուսուցիչներու հետ, ինչպէս օրինակ` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց թեմի «Արմատ» կիրակնօրեայ դպրոցի ուսմասվար, պետական «Ցենտրալնի» ստեղծագործական կեդրոնի մանկավարժ Երազիկ Յարութիւնեանի եւ Մոսկուայէն Կիւլնարա Վարդանեանի հետ:
«Այս մեծ, դժուար ճանապարհի հիմքերը սիրով եւ հոգատարութեամբ դրած ենք: Յոյսով եմ` կը յաջողինք կեանքի կոչել բոլոր նախաձեռնութիւնները`միասնաբար շարունակելով աշխարհասփիւռ հայորդիներուն կրթելու գործը` ի շահ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման»,- զրոյցը ամփոփեց Լիզա Իլպեկեանց:
Գէորգ Չիչեան