Սփիւռքի ՄԷջ Հայագիտութեամբ Զբաղուիլը Հայապահպանութեան Ծանրակշիռ Քայլերէն Մէկն Է

Հայապահպանութեան կարեւոր գործօններէն են հայկական համայնքներու ձեւաւորումը, ատոնց մէջ միաւորուած հայերու ներուժը, հայկական դպրոցները, եկեղեցին, մամուլը, հայագիտական կեդրոնները: Այս ամէնուն ամբողջութեան հզօրութեան մէջ կը տրոփէ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերու ինքնութեան զարկերակը:
…2014թ. սկսած` Մոսկուայի Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանի Սփիւռքի պատմութեան հետազօտական կեդրոնի աշխատակիցներու ուժերով, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, տնօրէնի տեղակալ, գիտական քարտուղար Օքսանա Սոլոփովայի ղեկավարութեամբ հայագիտութեան զարգացման նպատակով, որպէս պատմագիտութեան մէջ առանձին ոլորտ, համակարգուած աշխատանքներ կը տարուին: Կեդրոնի այս նախաձեռնութեան կ’աջակցին բաժանմունքի, համալսարանի ղեկավարութիւնը եւ հայկական սփիւռքը:
2015թ. համագործակցութեան պայմանագիր ստորագրուած է Սփիւռքի պատմութեան հետազօտական կեդրոնի եւ «Անիւ» հայագիտական հետազօտութիւններու զարգացման հիմնադրամին միջեւ. ատոր կարեւոր արդիւնքներէն է միջազգային գիտաժողովը, որ կազմակերպած էին ՌԳԱ պատմաբանասիրկան գրասենեակը, ՀՀ ԳԱԱ-ն, ՌԴ-ի պետական Էրմիթաժը, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը, Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստի պետական թանգարանը, Հայաստանի պատմութեան թանգարանը: 2016թ. համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրուած է Մոսկուայի Լոմոնոսովի անուան սփիւռքի պատմութեան հիմնարկի եւ ԵՊՀ-ի հայագիտութեան հետազօտութիւններու ինստիտուտի միջեւ, որ, մասնաւորապէս, կ’ենթադրէ ԵՊՀ-ի մէջ ամառնային փորձնական աշխատանքի կազմակերպումը ՄՊՀ-ի պատմութեան բաժանմունքի ուսանողներուն համար` Հաոց պատմութեան ոլորտին մէջ մասնագիտանալու նպատակով:
«Անիւ» հիմնադրամը դրամաշնորհ կը հաստատէ` աջակցելու երիտասարդ տաղանդաւոր դասախօսներուն, ինչպէս նաեւ` կը նախատեսէ տարեկան յաւելավճար` հայագիտութեան ոլորտին մէջ ՄՊՀ-ի ուսանողներու մագիստրոսական աշխատանքներուն համար:
ՀՀ պետական կառոյցները, մասնաւորապէս` Սփիւռքի նախարարութիւնը, կ’օգնէ երիտասարդ հայագէտներուն` աւելի հմտանալու հայերէնագիտութեան մէջ. օրինակ մը բերենք ընդամէնը` Լոմոնոսովի անուան համալսարանի սփիւռքի պատմութեան կեդրոնի կրտսեր գիտաշխատող Եկատերինա Ռոեւան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համապատասխան բաժինի աշխատակիցներու օգնութեամբ մասնակցած է նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի վերապատրաստման դասընթացներուն` ստանալով համապատասխան որակաւորում, որն, անշուշտ, կը նպաստէ հայագիտութեան ոլորտին մէջ անոր` առաւել հայեցի ու հայերէնացուած մտածողութեան զարգացման` վերելքի առումով:
Այս ամէնը խոստումնալից է հայագիտութեան զարգացման համար նաեւ հեռահար ապագային: Սփիւռքի մէջ հայագիտութեամբ զբաղուիլը հայապահպանութեան ծանրակշիռ քայլերէն մէկն է, որուն միտուած են մեր հայրենակիցներու գիտական աշխատանքները, հայկական մեծ ներուժը, որոնց առկայութեան գրաւականը Հայրենիքի հետ ունեցած անհրաժեշտ կապն ու շարունակական համագործակցութիւնն է:
Կարինէ Աւագեան
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»