Հալէպի Ազիզիէ Թաղամասի Հրապարակին Մէջ Տօնածառ Զետեղուեցաւ

Տարիներէ ի վեր տօնական այս օրերուն, Հայ Մարմնամարզական Միութեան նախաձեռնութեամբ Հալէպի Ազիզիէ թաղամասի հրապարակը կը զարդարուէր տօնական զարդարանքով:

Քառամեայ ընդհատումէ ետք այս ծրագիրը այս տարի եւս իրագործուեցաւ:

Երեքշաբթի 20 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան տեղւոյն բնակիչներու եւ հոծ բազմութեան ներկայութեան տօնածառի լուսաւորման բացման շքեղ արարողութեան ընթացքին ահաբեկիչ մը ձայնային ռումբ մը նետելով փախուստի դիմեց, թէեւ իրարանցում ստեղծուեցաւ, սակայն մարդկային եւ նիւթական որեւէ վնաս չարձանագրուեցաւ, եւ տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ:

halep

Scroll Up