Հալէպահայութիւնը Փառաւորապէս Տօնախմբեց ՀԲԸ Միութան 110 Ամեակը Աննկարագրելիօրէն Գեղեցիկ Ձեռնարկ Մը

 *ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

   Իսկապէս դժուար է սեղմ տողերու մէջ նկարագրել այն բացառիկ ձեռնարկը, որ կայացաւ Շաբաթ երեկոյեան, Դեկտեմբեր 17-ին, եւ որով ՀԲԸՄիութեան շրջանակն ու իր հետ՝ ամբո՛ղջ հալէպահայութիւնը, նշեց Պօղոս Նուպար փաշայի ու անոր գաղափարակից ընկերներուն հիմնած մարդասիրական աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան 110-ամեակը։

Բայց միայն ՀԲԸՄ–ի տարեդարձը չէր որ կը նշուէր։ Կարեւոր փուլ մը բոլորած էր նաեւ ՀԵԸնկերակցութիւնը, որուն 85-ամեակն է այս տարի։

Ահա այս զոյգ բարեբաստիկ առիթները միութեան «Գէորգ Նազարեան» հանդիսասրահը լեցուցեր էին բերնէ բերան, խանդավա՜ռ բազմութեամբ, այն խաբկանքը տալով նոյնիսկ՝ թէ Հալէպի մէջ պատերազմ չկար, ո՛չ ոք գաղթած էր այս շէն ոստանէն, Հալէպը դեռ երբեմնի «երազային» քաղաքն էր…։

Ձեռնարկը կը կրէր «Յաւերժ բարիք» խորագիրը։

Աւելի քան մէկուկէս ժամ, ամբողջ սրահին հետ մե՛նք եւս ապրեցանք արտակարգօրէն տպաւորիչ ու գեղեցիկ պահեր, շարունակ հարց տալով մենք մեզի՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի եղած էր այսքան որակաւոր հանդէս մը կազմակերպել տագնապահար քաղաքի մը մէջ, ինչպէ՞ս կարելի եղած էր շարժման անցընել այսքան մեծ թիւով դերակատարներ (աւելի քան հարիւր հոգի), մանաւանդ ինչպէ՞ս կարելի եղած էր համադրել այս բոլորը։

Մերթ հպարտութեամբ ուռեցաւ մեր կուրծքը, մերթ կարմրեցան մեր ափերը ուժեղ ծափահարութիւններէն, մերթ ալ խոնաւցան մեր աչքերը…։ Ի մի բան, հալէպահայ վաստակաւոր բեմադրիչ ու թատերագիր Մանուէլ Քէշիշեան, որուն մտայղացումով ու հսկողութեամբ իրականացած էր ամէն ինչ, անմոռանալի երեկոյ մը ապրեցուց մեզի։

ՀԲԸ Միութեան վարչական մարմիններն ու միաւորները, ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի արի-արենուշները, ձեռք-ձեռքի տուած, իրականացուցին փառաւոր տօնահանդէս մը, ուր կար թէ՛ գեղեցիկ խօսք, թէ՛ որակաւոր արուեստ, թէ՛ հայեցի պատգամ։

Նախ ունկնդրեցինք միութեան ջութակահարներու 20 հոգինոց սենեկային նուագախումբը՝ բժ. Սարգիս Իսկէնեանի ղեկավարութեամբ։

Յետոյ դիտեցինք թատերական կարճ պատկերներ, որոնց ընթացքին իրերայաջորդ կերպով կ՛ուրուագծուէին նախ ՀԲԸՄ-ի հիմնադիր ժողովը (1906, Գահիրէ),  ապա միութեան ծաւալած որբահաւաք գործունէութենէն սկսեալ մինչեւ կրթական բեղուն առաքելութիւնը։ Այս բաժնին մէջ տիրական դերակատարութիւն ունեցան մասնաւորաբար «Ադամեան» թատերախումի ուժերէն բժ. Սմբատ Երէցեան, Ներսէս Տաղլեան, Հուրի Պասմաճեան եւ Արմէն Ստամպուլեան։

Այնուհետեւ, մէջընդմէջ լսեցինք Բարեգործականի անցեալին մասին պատմական հակիրճ ծանօթութիւններ (Ճորճ Դաւիթեանի, Մարինէ Տարագճեանի եւ Շաղիկ Պարսումեանի փոխասացութիւններով), որոնց յաջորդեցին երգչախումբ, պար եւ բանաստեղծութիւն, շատ տպաւորիչ համադրումներով։ Այս բոլորը, այժմէական սրտախօսիկ պատգամներու միախառնուելով՝ կը ձեւաւորէին արդէն հմայիչ յայտագիր մը։ Եւ այդ յայտագիրը, շեշտե՛նք, կատարելապէս ՀԱՅԱՇՈՒՆՉ էր։ Ամբողջ ձեռնարկին ընթացքին ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԷՆ տարբեր ո՛չ մէկ օտար բառ լսուեցաւ…։

Աւարտին, եզրափակիչ ելոյթներ ունեցան ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ներսէս Ներսոյեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան։

Կը շնորհաւորենք Բարեգործականի ընտանիքը այս փառաւոր տօնահանդէսին առթիւ։

Կասկած չունինք, որ միութեան «յաւերժ բարիք»-ին դիմաց՝ հայ ժողովուրդը «յաւերժ երախտագէտ» պիտի մնայ անոր…։

     Հալէպ  

agbu-1-1024x768 agbu-2-1024x768

Scroll Up