Լիբանանի ՄԷջ ՀՀ Դեսպանը Հանդիպած Է Նախագահ Միշէլ Աունի Հետ

Դեկտեմբեր 16-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հանդիպած է Լիբանանի Նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
Հանդիպման ընթացքին դեսպան Մկրտչեան Լիբանանի նախագահին փոխանցած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան այցելելու հրաւէրը: Գոհունակութիւն յայտնելով ջերմ բարեմաղթանքներուն համար` նախագահ Աուն պատրաստակամութեամբ ընդունած է Հայաստան այցելելու հրաւէրը:
Բարձր գնահատելով երկու բարեկամ երկիրներու երկկողմ յարաբերութիւններու մակարդակը` կողմերը քննարկած են ատոնց յետագայ խորացման հնարաւորութիւններն ու ընդգծած տարբեր ոլորտներու մէջ սերտ փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը:
Կայացած զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, Լիբանանի ներքաղաքական իրավիճակին: