«Զարթօնք» Ղարաբաղի Զինուորի Կողքին

20-24 Հոկտեմբեր 2016-ին Երեւանի և Ստեփանակերտի մէջ կայացած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղիհամար” համահայկական շարժումը:
Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին:
Իբրեւ վերոյիշեալ ժողովին մասնակից, «Զարթօնք»ը որ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութենէն տարիներ առաջ իր էջերով միշտ վեր առած է անոր արդար դատը, չէր կրնար անմասն մնալ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «2017 թուականը համայն հայութեան համար թող դառնայ Արցախի տարի» կարգախօսի գործադրութեան:
Այս է պատճառը, որ «Զարթօնք» շրջանէ մը ի վեր օրական սիւնակ մը կը յատկացնէ այս նպատակի ծանուցման ու տարածման ի խնդիր, եւ անշուշտ պիտի շարունակէ նոյն ուղղութեամբ աշխատիլ յառաջիկայ ամբողջ տարուան ընթացքին:
Այսօր, 2017 տարուայ սեմին եւ Սրբ. Ծննդեան տօնին նախօրէին, «Զարթօնք»ը որոշեց այս անգամ գործնական եւ շօշափելի քայլ մըն ալ առնել այս ուղղութեամբ:
Յառաջիկայ օրերուն, «Զարթօնք» վստահելով իր ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն պիտի ձեռնարկէ նուիրահաւաքի արշաւ մը, ձմրան օրերուն բուրդէ հիւսուածքներով պատսպարելու համար Արցախի ճակատը պահող մեր քաջարի զինուորները, որոնք ամենադժուարին պայմաններու տակ իրենց կեանքին գինով մեր սահմանները կը պաշտպանեն:
«Զարթօնք» նաեւ ծրագրած է յառաջիկայ օրերուն լոյս տեսնելիք իր Նոր Տարուան Բացառիկի հատավաճառէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ նուիրել նոյն վեհ նպատակին:
Կեցցէ՛ Հայ զինուորը:
Թող յաւերժ ապրի Արցախը: