Հալէպի Հրթիռակոծութեան Հետեւանքով Վիրաւորուած Է Հինգ Հայ

Հալէպի հրթիռակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած է հինգ հայ: Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հալէպի Բերիոյ թեմի մամուլի ծառայութիւնը, հրթիռակոծուած է հայաբնակ Վիլլաններ թաղամասը: Վիրաւորներու մէջ են  հինգ հայեր` Յակոբ Դաւոյեան, Յարութ Պազարպաշեան, Րաֆֆի Պէրպէրեան, Ճորճ Գէորգ եւ Տիգրան Մանուկեան: Վիրաւորներուն հասցուցած են Հալէպի հիւանդանոց: Ամենածանր վիճակի մէջ է Յակոբ Դաւոյեանը:

Ներկայիս քաղաքի էլեկտրամատակարարումը կը վերականգնուի, վերացուած են նաեւ ջրամատակարարման հետ կապուած խնդիրները:

Համաձայն վերջին պաշտօնական լրահոսին` Հալէպի մէջ բանակայինները իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած են Հին քաղաքի մեծ մասը, երբ այնտեղ ոչնչացուած են ահաբեկիչներու բազմաթիւ խումբեր:

Scroll Up