Առաջնորդը Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինին Հետ Քննեց Օժանդակութեան Նոր Ծրագիրները

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ի կէսօրին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի (SARF) վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեանի եւ գանձապահ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, ապա, անոնց հետ խորհրդակցեցաւ մարմինի աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Րաֆֆի Քենտիրճեան զեկուցեց Հայաստան, Արցախ եւ Լիբանան իր այցելութեանց մասին, որուն ընթացքին, տեսակցութիւններ ունեցած էր հայրենի պետական պատասխանատուներու եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ, քննարկելով Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան վերաբերող ծրագիրներ:
Հանդիպման ընթացքին գոհունակութիւն արձանագրուեցաւ այն բանին համար, որ մասնաւորաբար Հալէպէն հասնող տեղեկութիւնները կը ծանրացնեն լաւատեսութեան նժարը եւ յոյս կը ներշնչեն, որ մեր համայնքի զաւակներուն ապահովական եւ կենսական հարցերը դէպի բարելաւում կ՛ընթանան: Ժողովականները նաեւ յոյս յայտնեցին, որ բարեփոխման քայլերը մտնեն մնայուն հունի մէջ, ինչ որ համայն հայութեան դիմաց պիտի բանայ Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան նոր փուլ մը, ուր վէրքերու ամոքումն ու վերականգնումը ըլլան հիմնական առաջադրանք:
Սրբազանը գնահատեց մարմինին աշխատանքները եւ մաղթեց, որ անոր շուրջ համախմբուած մեր գաղութին ճիգերը շարունակուին վերանորոգ միասնականութեամբ: