«Հեքիաթը Թէ՛ Մանուկներուն, Թէ՛ Մեծերուն Կը Տանի Լոյսի Ճանապարհով».Ռիչարտ Գիտաչեան

Մեր շուրջը մարդիկ կ’ապրին ու կ’արարեն բարի գործեր, որոնցմէ յաճախ մեր հանրութիւնը տեղեակ չէ: Անոնցմէ մէկն ալ Ռիչարտ Գիտաչեանն է, որ, մասնագիտութեամբ ըլլալով լեզուաբան, աշխատելով նաեւ որպէս գործարկու, կը զբաղուի գրահրատարակչութեամբ` գիրքի միջազգային ցուցահանդէսներուն ներկայացնելով հայկական ժողովրդական հեքիաթներու պատկերազարդ գիրքեր:
–Պարո՛ն Գիտաչեան, ամիսներ առաջ, Դուք կը պատրաստուէիք մեկնիլ Պարսելոնա` մասնակցելու Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին: Հայ ո՞ր հեղինակի հեքիաթները ներկայացուցած էք:
-Ես մեկնեցայ Սպանիա, ուր Պարսելոնա քաղաքին մէջ կազմակերպուած Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին ներկայացուցի Թումանեանի հեքիաթները` 15 լեզուներով, նաեւ սպաներէնով` թարգմանուած արհեստավարժ թարգմանիչներուն կողմէ: Գիրքը ձեւաւորած են նոյնպէս արհեստավարժ նկարիչներ, նկարազարդումներու գոյները շատ գրաւիչ են. ատիկա երեխաներու ուշադրութիւնը գրաւելու կարեւոր գործօն է: Կ’աշխատիմ, որ ամէն անգամ գիրքը նոր նկարիչ ձեւաւորէ, որովհետեւ ես կ’ուզեմ, որ գիրքը կարդալուն զուգահեռ` երեխաները զարգացնեն նաեւ իրենց ճաշակը, համեմատեն, թէ որ նկարիչը աւելի լաւ նկարած է, իսկ ատիկա կ’երեւի երեխաներուն կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութենէն, վերաբերմունքէն: Կը կարծեմ, որ երեխաները կը հաւնին անոնց կատարած աշխատանքները,որովհետեւ բոլոր նկարիչներն ալ լաւ գործ ըրած են: Արդէն երեք հեքիաթ տպագրուած է, շուտով տպարան կ’իջնէ նաեւ չորրորդ գիրքը: Գիրքի միջազգային բոլոր ցուցահանդէսներուն մեր հայ գիրքին նկատմամբ եղած է հետաքրքրութիւն:
–Ինչպէ՞ս մտայղացաւ հեքիաթներ հրատարակելու գաղափարը. ինչպիսի հեքիաթնե՞ր կ’ընտրէք` իրապատում թէ՞ հրաշապատում:
– Բոլոր երեխաները կը սիրեն քնանալէ առաջ հեքիաթներ լսել. Կը խնդրեն, կը ստիպեն իրենց ծնողներուն, տատիկներուն, պապիկներուն, որ հեքիաթներ կարդան, պատմեն իրենց համար: Այդիսկ պատճառով ես իմ կարգախօսս ընտրեցի այսպէս`«Ուրախ հեքիաթներ` քննալէ առաջ». ոչ բոլոր հեքիաթները կարելի է երեխաներուն համար կարդալ քնանալէ առաջ. բնականաբար, ես չէի կրնար անոնց համար ընտրել«Կիկոսի մահը» կամ ալ` «Ձախորդ Փանոսը»: Գիրքի մէջ գրուած է`«Հայկական ժողովրդական եւ հայ գրողներու հեքիաթներն աշխարհի ժողովուրդներու լեզուներով»: Ես որոշած եմ այս մատենաշարով երեխաներուն ներկայացնել բոլոր լաւ հեքիաթները, որպէսզի օրօրոցէն սկսած` երեխաները լսեն ուրա՛խ հեքիաթներ: Ինքս, արդէն քանիերորդ անգամն է, որ կը կարդամ մեր հեքիաթները եւ ընտրութիւն կը կատարեմ: Գիրքերուն կցուած են խտասալիկներ` CD-ներ, որոնց մէջ ամէն հեքիաթէ յետոյ կը հնչեն նաեւ օրօրոցային տարբեր երգեր, որոնք կ’ապահովեն երեխայի հանգիստը, խաղաղ քունը. ատոնք նաեւ դրական մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն երեխաներու նեարդային համակարգին վրայ: Օրօրոցայիններու ընտրութեան հարցով ես կը խորհրդակցիմ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի փրոֆէսոր Ալինա Փահլեւանեանի եւ այլ երաժշտագէտներու հետ: Բնականաբար, կը հնչեն հայ երգահաններու գրած օրօրոցայինները:
–Կարելի է ըսել, որ այդ գիրքերը բժշկութեան ու աղօթքի դեր կը կատարեն…
-Այո՛, այդպէս է. երեխան պէտք է մեծնայ խաղաղ ու անվրդով մանկութեամբ, իսկ հեքիաթներու նման մատուցումը ատոր լաւագոյն երաշխիքներէն է: Ըսեմ նաեւ, որ գիրքին մէջ զետեղուած են նկարներու գունազրկուած տարբերակները, որոնք կարելի է տպիչի միջոցով տպել եւ տալ երեխաներուն` գունաւորելու: Համակարգիչ տիրապետող երեխաները կրնան նաեւ ներկել պաստառին վրայ` վաղ հասակէն ձեռք բերելով ձեւաւորման որոշակի հմտութիւն. ատիկա նաեւ ստեղծագործական աշխատանք է, որուն միջոցով կրնան բացայայտուիլ որոշակի շնորհներ: Գիրքը նաեւ լեզու սորվելու օժանդակ ձեռնարկ է: Շրջագծային նկարները ձեւաւորելէ յետոյ երեխան կրնայ գիրքէն արտագրել գրութիւնը եւ տեղադրել զայն իր գունաւորած նկարներուն տակ: Արտագրութիւնը եւս աշխատանք է, այն կրնայ օգնել` սորվելու մայրենի լեզուն եւ այլ լեզուներ: Այս գիրքերուն մէջ պէտք է ներառենք նաեւ ազգագրական օրօրոցայիններ:
–Հայ ո՞ր գրողներու հեքիաթներուն պիտի անդրադառնաք Թումանեանէն յետոյ:
-Բոլոր գրողներու հեքիաթներուն պէտք է անդրադառնամ` Ղազարոս Աղայեանի, Խնկօ Ապոր. պէտք է ընդգրկեմ նաեւ մեր ժողովրդական բանահիւսութեան գոհարներէն: Վերջերս Ռաֆայէլ Համբարձումեան զիս նուիրեց ժողովրդական հեքիաթներու իր մշակումներով պատրաստած գիրքը, որուն եւս պէտք է անդրադառնամ:
–Պարո՛ն Ռիչարտ, քանի՞ ցուցահանդէսի մասնակցած էք Ձեր գիրքերը եւ ի՞նչ արդիւնքներ արձանագրած են:
-Ես մասնակցած եմ շարք մը ցուցահանդէսներու`Մոսկուայի մէջ, ուր կեդրոնական` «Պիպլիոգլոբուս» գրախանութի տնօրէնը իմ նախկին գործընկերներէս եղած է. ան ըսաւ. «Ռիչա՛րտ, իմ գրախանութիս մէջ 1600 օրինակ գիրք կայ, սակայն քու ձեռագիրդ կը տարբերի բոլորէն»: Ան իմ գիրքերէս տարբեր լեզուներով 500 օրինակ վերցուց: Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսներու մասնակցած եմ Փարիզի մէջ, Պոլսոյ, ամէնէն շատ` Մոսկուայի մէջ, ուր միշտ ալ լաւ արդիւնքներ ունեցած եմ, սակայն Պարսելոնայի մէջ առանձնապէս յաջողութիւններ չարձանագրուեցան վաճառքի առումով: Ժողովուրդին կողմէ ալ այցելութեան առումով ցուցահանդէսին մէջ աշխուժութիւն չկար: Ներկայ էին միայն գիրքերու հրատարակիչներ եւ գրավաճառներ: Ես կ’աշխատիմ չիրացուած գիրքերը ետ բերել Հայաստան, սակայն այս անգամ ձգեցի Պարսելոնայի հայկական համայնքին մէջ, ուր կը գործեն քանի մը մէկօրեայ հայկական դպրոցներ: Այնտեղ շատ կան վերջին տարիներուն Հայաստանէն գացած երեխաներ, որոնք կը յաճախեն կիրակնօրեայ դպրոց` չմոռնալու մայրենին, հէնց այդ դպրոցներու երեխաները գիրքեր վերցուցին:
–Դուք երկար տարիներ աշխատած էք պետական հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մէջ, եթէ չեմ սխալիր, կարծեմ` հիմնադիրներէն էք եւ այն ժամանակ գիրքի տպագրութեամբ հաստատ չէիք զբաղիր, ի՞նչ աշխատանք կը կատարէիք:
-Այո՛, ես հիմնադիրներէն եմ. սկսած եմ բանուորի, լուսաւորողի աշխատանքով, որմէ յետոյ դարձայ գործարկու. 4 տարի աշխատեցայ: Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու պատճառով` ստիպուած ձգեցի աշխատանքը: Օտար լեզուներու բաժինը աւարտելէ յետոյ 10 տարի աշխատած եմ Արտասահմանեան երկիրներու հետ մշակութային կապի կոմիտէի միջազգային բաժինին մէջ` որպէս աւագ խորհրդատու եւ 10 տարի ալ աշխատած եմ` որպէս արտահաստիքային հեռուստալրագրող. ունէի սեփական տեսախցիկ եւ մեր կոմիտէ այցելող հիւրերուն հետ հարցազրոյցներ կ’ընէի, կը մեկնաբանէի ու կը նկարէի ամբողջ անցուդարձը, ձեռնարկները, որոնք կու տային հեռուստատեսութեան, նաեւ` թերթերուն: Յետագային, երբ հեռուստառատիոյի մէջ բացուեցաւ միջազգային բաժին, ես տեղափոխուեցայ ու նշանակուեցայ միջազգային բաժնի պետի տեղակալ, այնուհետեւ` պետ: 1990-ականներուն տեղափոխուած եմ Սովետական Հայաստան հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագրութիւն, ուր աշխատած եմ որպէս արտադրութեան պետ: Միանգամէն յայտնուեցայ ու ընկղմեցայ գիրքերու աշխարահին մէջ. հասկնալով, որ կը մօտենայ կենսաթոշակի անցնելու ժամանակը` ինկայ մտորումներու մէջ, հէնց այդ ժամանակ ալ ծնաւ քնանալէ առաջ մանուկներու համար ուրախ հեքիաթներու գիրքեր հրատարակելու գաղափարը:
–Ամանորը մօտ է. կը կարծեմ, որ Ձեր հրատարակած գիրքերը կը վաճառուին, երեխաներուն համար ատիկա լաւագոյն նուէր կ’ըլլայ:
-Այո՛, ամենալաւ նուէրը գիրքն է, այն հետաքրքիր ու մնայուն արժէք է, սակայն չեմ գիտեր` որքան կ’ըլլայ պահանջարկը, տեսնե՛նք: Երեւի կու տամ նաեւ յուշանուէրներու խանութներուն:
–Ձեր կատարած աշխատանքը մեր մանուկներուն համար հրաշալի նուէր է, սակայն հեքիաթները սիրելի են նաեւ մեծերուն. այսօր մեր կեանքին մէջ հեքիաթի պակասը կայ:Ներկայացուցէ՛ք, խնդրեմ, Ձեր ձեւակերպումը հեքիաթի մասին. ի՞նչ կու տայ հեքիաթը մանուկներուն, մարդոց` առհասարակ:
-Բոլո՛րը հեքիաթներու կը սպասեն, որովհետեւ այնտեղ բարին միշտ կը յաղթէ: Հեքիաթը թէ՛ մանուկներուն, թէ՛ մեծերուն կը տանի Լոյսի ճանապարհներով:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան