Հայաստան Պէտք է Չեղեալ Համարէ Թրքական Արձանագրութիւնները Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակէն Շատ Առաջ

Ակնկալելով քարոզչական մեծ մղձաւանջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընթացքին, թուրք պաշտօնեաները կը փորձեն վնասազերծել իրենց երկիրի արդէն իսկ արատաւորուած հեղինակութիւնը:
Թէեւ անոնք մտադիր չեն բանալ Հայաստանի հետ սահմանը, սակայն թուրք ղեկավարները անընդհատ հանդէս կու գան ձեւական եւ շինծու հաշտարար յայտարարութիւններով: Կեղծ արտայատութիւններով անոնք կը պնդեն, որ իբրեւ թէ Թուրքիան կը հարթէ Հայաստանի հետ իր տարաձայնութիւնները, մինչդեռ Անգարայի թաքուն նպատակն է կասեցնել այլ երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Սակայն, հաշուի առնելով Ատրպէյճանի հիւանդագին արձագանգը Հայաստանի հետ սահմանը բանալու Թուրքիոյ իւրաքանչիւր ելոյթին վերաբերեալ, թուրք պաշտօնեաները ստիպուած են նահանջելու, նախագզուշացնելով, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը այնքան ժամանակ փակ պիտի մնայ, որքան «յառաջընթաց» չէ արձանագրուած Արցախի հարցին մէջ:
Նման թրքական հակասական յայտարարութիւններ բազմիցս տարածուած են՝ սկսեալ 2009էն, երբ Հայաստանն ու Թուրքիան Արձանագրութիւններ ստորագրեցին իրենց ընդհանուր սահմանը բանալու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ: Անցեալ շաբաթ, Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փակ նիստին, արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն ըսաւ, որ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին Հայաստանի հետ սահմանը բանալու համար: Առճակատուելով ընդդիմադիր պատգամաւորի մը հետ Թուրքիոյ իրական մտադրութիւններու հարցով, Տաւութօղլու շատ արագ փոխեց իր դիրքորոշումը՝ ըսելով, որ նախ Հայաստան պէտք է դուրս գայ Ղարաբաղէն՝ մինչեւ սահմանի հնարաւոր բացումը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նմանատիպ ելոյթ ունեցաւ նաեւ մէկ ամիս առաջ Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, երբ յայտարարեց, որ Թուրքիան «ստեղծագործական գաղափարներ» կը փնտռէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու համար: Տաւութօղլիի ստեղծագործական կամ աւելին՝ խորամանկ քայլն է՝ խուսափիլ խափանարարի պիտակէն, միաժամանակ արդարացնելով իր երկիրին կողմէ Արձանագրութիւններու վաւերացման մերժումը:
Տակաւին 2009ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ձեւացնէր, թէ կը փափաքի վաւերացնել Արձանագրութիւնները, որոնք կ՛ընդ-գրկէին տարբեր կողմնակի հարցեր, ներառեալ՝ պատմաբաններու յանձնաժողովի մը ստեղծումը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ արխիւային փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան համար: Երբ Ատրպէյճան կտրականապէս դէմ արտայայտուեցաւ Հայաստանի հետ սահմանի բացման թրքական ծրագիրներուն, Թուրքիա յայտարարեց, որ ինք այլեւս չի կրնար վաւերացնել Արձանագրութիւնները, թէեւ ատիկա ակնյայտօրէն կը բխէր անոր ազգային շահերէն: Այսպիսով, չնայած իր յաւակնութիւններուն՝ իբրեւ տարածաշրջանի գերիշխան պետութիւն, Թուրքիա ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի վեթոյին: Նոյեմբեր 6ին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին մէջ Տաւութօղլու ոչխարի նման հլու հնազանդ կրկնեց, որ իր երկիրը Հայաստանի հետ սահմանը պիտի բանայ միայն Ատրպէյճանի արտօնութիւնը ստանալէ ետք:
Ակնյայտ է, որ մամուլով խայտառակուէ ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը հերքեց, որ Տաւութօղլու հանդէս եկած է նման յայտարարութեամբ: Այս հերքումը հաւաստի չէ, որովհետեւ թուրք պաշտօնեաներ բազմիցս կատարած են նման յայտարարութիւններ: Հայաստանի հետ սահմանի եւ երկաթուղագիծի վերաբացումի հեռանկարի աշխուժացման համար միակ հաւանական բացատրութիւնը կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ մտադրութիւնը ճնշում գործադրելու Վրաստանի նորընտիր նախագահին վրայ, որ կը հրաժարի աջակցութիւն ցուցաբերելէ շատոնց ծրագրուած Կարս-Թիֆլիս-Պաքու երկաթուղագիծի ծրագիրին, որմով կը նախատեսուէր շրջանցել Հայաստանը:
Թուրքիոյ կողմէ Արձանագրութիւններու շարունակուող շահարկման վերջ դնելու համար նախագահ Սերժ Սարգսեան պէտք է իրականացնէ երեք տարի առաջ տուած իր խոստումը, երբ ան զգուշացուցած էր, որ եթէ Թուրքիա «շուտով» չվաւերացնէ Արձանագրութիւնները, ապա ան պիտի վերանայի իր դիրքորոշումը այս հարցին վերաբերեալ, այսինքն՝ Հայաստան պիտի հրաժարի այս պայմանագիրէն: Նկատի ունենալով, որ Արձանագրութիւնները տակաւին չեն վաւերացուած անոնց ստորագրումէն չորս տարի անց, ապա նախագահ Սարգսեան զանոնք պէտք է չեղեալ յայտարարէ:
Հասկնալի է, որ հայ պաշտօնեաները չեն փափաքիր նման կտրուկ քայլի դիմել, քանի որ մտահոգուած են, որ մեծ տէրութիւնները զիրենք պիտի մեղադրեն Արձանագրութիւններու ձախողութեան մէջ: Հայաստան կը նախընտրէ, որ թրքական կողմը առաջինը հրաժարի Արձանագրութիւններէն՝ մեղադրանքի արժանանալով անոնց տապալման համար: Հնարաւոր է, որ թուրք պաշտօնեաները նոյն խաղը կը խաղան՝ սպասելով, որ առաջինը Հայաստանը հրաժարի:
Իմ կարծիքով, Հայաստան այլեւս չի կրնար ինքն իրեն արտօնել սպասել: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին 18 ամիսէն պակաս ժամանակ մնացած է եւ Հայաստանի նախագահը պէտք է կատարէ երեք տարի առաջ տուած իր խոստումն ու ետ վերցնէ իր կառավարութեան ստորագրութիւնը այդ չարաբաստիկ Արձանագրութիւններէն: Հայաստան չի կրնար մեղադրուիլ այդ քայլին համար, որովհետեւ թուրք պաշտօնեաները յաճախ յայտարարած են, որ անոնք մտադիր չեն վաւերացնելու Արձանագրութիւնները:
Զարմանալի չէ, որ անցեալ շաբաթ Տաւութօղլու եւս յայտարարեց, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հայկական ծրագիրներուն հակազդելու համար Թուրքիա «տենդագին եւ արագընթաց պատրաստութիւն կը տեսնէ»: Որպէսզի թոյլ չտրուի Թուրքիոյ խոչընդոտել Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումները ամբողջ աշխարի մէջ, Հայաստանի ղեկավարները պէտք է չեղեալ համարեն Արձանագրութիւնները 2015ի Ապրիլ 24էն շատ առաջ:
Բացի այդ, հաշուի առնելով թրքական կառավարութեան հարիւրամեայ յամառութիւնը չճանչնալու իր մեղքը Ցեղասպանութեան մէջ եւ համապատասխան հատուցման մերժումը, հայ պաշտօնեաները պէտք է յայտարարեն, որ անոնք մտադիր են արդարութեան հասնելու վերջապէս, տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային դատարաններ դիմելու միջոցով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը