Դանիոյ Մէջ Կազմակերպուած Տօնավաճառին Ողջ Հասոյթը Պիտի Փոխանցուի Հալէպահայերու Կարիքները Հոգալուն

Դանիոյ մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ Zulo service-ը, օժանդակութեամբ Դանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, մեծ սիրով եւ ուրախութեամբ կը հրաւիրեն բոլոր բարեկամներն ու գործընկերները՝ մասնակցելու Ծննդեան տօներուն ընդառաջ կազմակերպուած ձեռնարկին:

Սուրբ Ծննդեան հայկական տօնավաճառը հիւրերուն պիտի հրամցնէ 40-է աւելի ապրանքատեսակ, ներառեալ` արեւաշատ արարատեան դաշտավայրի մթերքը եւ խմիչքները, ինչպէս նաեւ` ձեռագործ եւ ամենատարբեր այլ ապրանքներ, որոնք պատրաստուած են հայկական ոգիով եւ պիտի ներկայացուին հայկական երաժշտութեան եւ համադամներու ուղեկցութեամբ:

Տօնավաճառը տեղի պիտի ունենայ Hellig Kors Kirke-ի մէջ (Norrebro, Kapelvej 38, 2200 Kobenhavn, http://www.hellig-kors.dk/) ս.թ. Դեկտեմբեր 11-ին, ժ. 13:00-19:00:

Ձեռնարկին կազմակերպիչները ուրախութեամբ պիտի պատասխանեն հարցերուն: Դիմել Մկրտիչ Զուլոյեանին (հեռ. +45 28258535, ել. փոստ. service-mazani@outlook.com)

Կ՝ակնկալուի շատերու ներկայութիւնը:

Կարեւոր. վաճառքէն հասած ողջ հասոյթը, իբրեւ օգնութիւն, պիտի փոխանցուի հալէպահայերու կարիքները հոգալուն:

Մուտքը ազատ է:

Scroll Up