Ո՛վ որ կ՛ընդունի այսպիսի մանուկ մը` իմ անունովս, զի՛ս կ՛ընդունի

Ո՛վ որ կ՛ընդունի այսպիսի մանուկ մը` իմ անունովս, զի՛ս կ՛ընդունի:
Մատթէոսի 18:5
Մատթէոսի 18:5
Սիրելի Հաւատացեալներ,
Շնորհիւ ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն ի նպաստ Առաջնորդարանի Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամին (CFFA) եւ ձեր աջակցութեան, հիմնադրամը կը շարունակէ իր բարեպաշտ առաքելութիւնը եւ կ’ընդլայնէ իր գործունէութիւնները:
Ամանօրեայ նուէրներու տարեկան ծրագրին ընդմէջէն, Գանատահայ գաղութը օգնութեան ձեռք երկարեց, Վայոց Ձորի՝ Սերս եւ Բարձրունի սահմանամերձ գիւղերու կարիքաւոր երեխաներուն:
Բացի այդ, ձեր ներդրումներուն շնորհիւ, Հիմնադրամը նիւթապէս հովանաւորեց, տարեկան ամառնային մանկական ճամբարը, որ կայացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Վայոց Ձորի Թեմի Հովանիին ներքոյ, շրջանի եւ Արցախի երեխաներուն համար:
Ինչպէս նաեւ, տեղին է յիշել թէ՝ Հիմնադրամը իր հովանաւորութեան տակ առաւ Դաւիթ եւ Յասմիկ խաչատրեանները, որոնք ի ծնէ կը տարապին ուղեղային մանկական կաթուածէ: «Շրաիներզ» մանկական հիւանդանոցին հետ մեր համաձայնութենէն ետք, անոնք Աշտարակ-Հայաստանէն հասան Մոնթրէալ, սոյն հիւանդանոցին մէջ անհրաժեշտ վիրահատութեան ենթարկուելու համար:
Ի վերջոյ, Դեկտեմբեր 2015 թ., Հիմնադրամը կազմակերպեց Ամանորեայ խրախճանք, նորահաստատ սուրիահայ երեխաներուն համար, որը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին, Քէպէքի Ներգաղթի Նախարարուհի՝ Տիկ. Քաթիլին Ուէյլը եւ Քէպէքի Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարուհի Տիկ. Հելեն Տեյւիտ:
Սիրելի Հաւատացեալներ, առանց ձեր օժանդակութեան, վերոյիշեալ գործունէութիւնները անհնար էր իրականացնել: Արդ կը դիմենք ձեզի, վասն Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամին, շարունակելու ձեր քրիստոնէական ազնիւ նուիրաբեր բարեգործութիւնը, սատար հանդիսանալով կարիքաւոր երեխաներու եւ նպաստելով անոնց կեանքի դրական փոփոխութեանը:

Աստուած օրհնէ ձեզ եւ ձեր սիրելիները:
Սիրով եւ Օրհնութեամբ՝
Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց
Սիրով եւ Օրհնութեամբ՝
Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց