Ուրուկուէյահայ Պատանիները Միացած Են «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» Շարժումին

Մոնթեւիտէոյի Երուանդ Գիսաճքեան ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտները միացած են «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական նախաձեռնութեան:
Ներսէսեան կրթական հաստատութեան Երուանդ Գիսաճքեան ամէնօրեայ վարժարանը հիմնադրուած է 1972 թուականին Մոնթեւիտէոյի մէջ, կը գործէ Կեդրոնական վարչական խորհուրդի հովանաւորութեամբ (անցեալին կոչուած է Ներսէսեան վարժարան, որ հիմնադրուած էր 1959-60թթ.):
Ունի մանկապարտէզ եւ նախակրթարան: Վարժարան կը յաճախեն 3 տարեկանէն: Կը դասաւանդուին հայոց լեզու եւ գրականութիւն, կրօն, պատմութիւն: Դպրոցին մէջ կը կազմակերպեն հայ մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկներ, ներկայացումներ, կ’ուսուցանուին ազգային երգեր: Վարժարանը ունի 79 աշակերտ, 21 ուսուցիչ: