«ՀԲԸՄ-ը Պիտի Շարունակէ Իր Հայեացքը Ուղղել Դէպի Հայրենիք».Պերճ Սեդրակեան

Հայաստանի մէջ իրականացուող ՀԲԸՄ-ի հիմնադրման 110-ամեակի ձեռնարկներուն նուիրուած  մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեան, ամփոփելով միութեան 10 տարիներու ծաւալած գործունէութիւնը, ներկայացուց կատարուած աշխատանքները եւ յետագայ 10 տարիներու գործունէութեան ուղղութիւններն ու ռազմավարութիւնը:

 «Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին մտահոգիչ էին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմները, որոնք հիմնովին սասանեցին հայկական համայնքներու հիմքերը.այդ երկիրներուն մէջ բնակող հայերը սփռուեցան տարբեր երկիրներ, անոնք նաեւ Մայր հայրենիքի մէջ հաստատուեցան: Ի հարկէ, այս ամէնը սկսաւ 1970-ական թուակականներէն, երբ լիբանանեան պատերազմի հետեւանքով Սփիւռքի ողնաշարը համարուող համայնքները  լուրջ ցնցում ապրեցան»,-ըսաւ Պերճ Սեդրակեան` աւելցնելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնը  իր բոլոր հնարաւորութիւնները օգտագործելով` ճիգ գործադրեց ընդունելու դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած հայրենակիցներուն, ջերմօրէն Հայաստանի դռները բացաւ անոնց առջեւ, հայ ժողովուրդը նոյնպէս սատարեց:

«Հայերն այսօր»ի փոխանցմամբ`Պերճ Սեդրակեան ընդգծեց, որ տարբեր տեսանկիւններէ սփիւռքեան համայնքներուն համար ուժ ու յենարան հանդիսացող Մերձաւոր Արեւելքի մայր համայնքներու խարխլումը, դժբախտաբար, մեծ հարուածի տակ դրին յատկապէս հայ երիտասարդներու կեանքը. անոնք աշխարհասփիւռ դառնալով`կը կորսնցնեն իրենց ազգային դիմագիծն ու հայու ինքնութիւնը` կուլ երթալով ուծացման վտանգին: Ատիկա նոյնքան մտահոգիչ է, որքան Հայաստանէն արտագաղթի հարցը:

«Սփիւռքի մէջ տարբեր կրթական, մշակութային հայանպաստ ծրագիրներ իրականացնելով` պէտք է մեր երիտասարդներուն օգնենք պահպանելու ինքնութիւնը, որպէսզի ամուր կապուին Հայաստանին, չլքեն hայրենի եզերքները: Ուստի աշխարհայնացուող աշխարհին մէջ` իբրեւ մէկ ազգ եւ մէկ ժողովուրդ, բոլորիս մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ Հայաստանի տնտեսական վիճակի կայունացումը, պէտք է այնպիսի հայրենիք ունենանք, որ կը հրապուրէ հայ երիտասարդներուն: Մեր ապագան նոր սերունդին վրայ պիտի դնենք: ՀԲԸՄ-ը 10 տարիներու յետագայ աշխատանքը կատարելուն` իր հայեացքը պիտի շարունակէ դէպի Հայրենիք ուղղել: Պիտի շարունակենք տարբեր միջոցներով թիկունք կանգնիլ Հայաստանին, որմով կը հպարտանանք եւ կ’ուրախանանք: Ամենակարեւոր խարիսխը հզօր Հայրենիք ունենալն է, որ միասին պիտի ստեղծենք»,-շեշտեց ՀԲԸՄ նախագահը:

Պերճ Սեդրակեան անդրադարձաւ Սփիւռքի լճացող կառոյցներուն, որոնք կարիք ունին աշխուժացնելու իրենց գործունէութիւնը, վերանայելու առաջնահերթութիւններն ու պահպանելու Հայատանի հետ կապը:

ՀԲԸՄ նախագահը խօսեցաւ նաեւ Սփիւռքի մէջ հայ եկեղեցւոյ ազգապահպան գործունէութեան, հոգեւոր, ազգային արժէքներու պահպանման առանցքային նշանակութեան եւ կոչ ըրաւ իբրեւ ազգային մէկ կարեւոր առաքելութիւն` ամրապնդել  Հայաստան-Սփիւռք-Եկեղեցի փոխգործակցութիւնը:

«Այսօր ռազմավարական տեսանկիւնէն եկեղեցին ուսեալ եւ ներկայանալի երիտասարդ հոգեւորականներ պէտք է պատրաստէ: «Մէ՛կ ազգ, մէ՛կ ժողովուրդ, մէ՛կ Սփիւռք, մէ՛կ Եկեղեցի». այս գաղափարով պէտք է առաջնորդուինք ու նեցուկ ըլլանք Հայաստանի զօրեղացման»,-եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսաւ  ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեան:

Գէորգ  Չիչեան

 

Scroll Up