Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ 113րդ տա­րե­դար­ձի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն

18 ­Նո­յեմ­բե­րէն մին­չեւ 20 ­Նո­յեմ­բեր 2016, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը տօ­նա­կա­տա­րե­ցին Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նայ եկեղեցւոյ 113րդ ­տա­րե­դար­ձը:

Ուր­բաթ՝ 18 ­Նո­յեմ­բե­րին ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Տիկ­նանց ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը սկսան ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն կա­տա­րո­ւած մա­տա­ղի աշ­խա­տանք­նե­րը։ ­Նոյն օ­րը հա­մայն­քի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը մի­սը, հացն ու ա­ղը օրհ­նած ըլ­լա­լով՝ ­Տիկ­նանց ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը ի­րենց ա­մէն տա­րո­ւան ուխ­տը կա­տա­րե­ցին եւ կրկին ան­գամ վե­րա­նո­րո­գե­ցին ի­րենց ծա­ռա­յու­թեան ուխ­տը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դէպ:

Շա­բաթ՝ 19 ­Նո­յեմ­բե­րին ամ­բողջ օ­րը, ­Տիկ­նանց ­Միու­թեան գոր­ծե­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցան եւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 19:00ին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցիէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կամ­տից ժա­մեր­գու­թիւն, որ­մէ ետք «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս ­Տիկ­նանց ­Միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք:

Այս տա­րի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քը իր ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ռի­թով պա­տի­ւը ու­նե­ցաւ ու­նե­նա­լու հիւ­րեր։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, ա­մէն տա­րո­ւան սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան կը նա­խա­գա­հէր բո­լոր կա­տա­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րը։ ­Նաեւ պա­տի­ւը ու­նե­ցանք հիւ­րըն­կա­լե­լու ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան՝ պա­րոն ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեանն ու Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Քե­րով­բէ Է­քի­զեա­նը։

Տիկ­նանց ­Միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հին իր սրտի խօս­քը ար­տա­սա­նե­լէ ետք, խօս­քը տրո­ւե­ցաւ պա­րոն ­Քե­րով­բէ Է­քի­զեա­նի, որ իր սրտի խօս­քը ար­տա­յայ­տե­լէ ետք՝ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դե­ս­պա­նը ներ­կա­յա­ցուց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն։ ­Պա­րոն­ Չար­չօղ­լեան իր կար­գին ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց ներ­կայ գտնո­ւե­լու սոյն ձեռ­նարկ­նե­րուն եւ ա­ւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քին: Ա­պա՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Սմ­բատ Վրդ. ­Սա­պուն­ճեան ըն­թեր­ցեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի միա­մեայ տե­ղե­կա­գի­րը՝ շեշ­տը դնե­լով վեր­ջերս կա­տա­րո­ւող ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րո­գու­թեան վրայ։

Հայր սուր­բը ը­սաւ.- «Անց­նող օ­րե­րու ըն­թաց­քին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին են­թար­կո­ւե­ցաւ ամ­բող­ջա­կան վե­րա­նո­րո­գու­թեան՝ ներ­սէն թէ դուր­սէն։ ­Մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին ծանր աշ­խա­տան­քի բեռն ու մթնո­լոր­տը տի­րած էին ե­կե­ղե­ցիին շուրջ, սա­կայն ա­նոր լու­ծը ա­նոյշ էր եւ ար­դիւ­նա­ւէտ: ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը ա­ջալր­ջու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան շի­նա­րա­րու­թեան, ե­կե­ղեց­ւոյս դպրաց դա­սի ան­դամ­ներն ալ ի­րենց կար­գին մաս­նակ­ցե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տան­քին եւ ի­րենց լու­ման դրին ե­կե­ղեց­ւոյս բար­գա­ւաճ­ման գոր­ծին մէջ:

Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը Աս­տո­ւա­ծոյ հետ մեր ու­նե­ցած ուխ­տի վե­րա­նո­րոգ­ման կնի­քը դրոշ­մեց, ա­ռա­ւել եւս մեր ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն պահ­պան­ման եւ ա­ռա­ւել ծաղկ­ման թի­րա­խը հան­դի­սա­ցաւ, այլ խօս­քով՝ երբ ե­կե­ղե­ցին կը նո­րո­գո­ւի, ա­նոր հետ նաեւ կը վե­րա­նո­րո­գո­ւին հա­մայն­քի զա­ւա­կ­նե­րուն հո­գի­նե­րը՝ ա­ւե­լի շեշ­տե­լով մեր ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րը մեր կեան­քե­րէն ներս:

Վարձ­քը կա­տար բո­լոր այն ան­ձե­րուն, ո­րոնք ի­րենց անձ­նա­կան կեանքն ու գոր­ծե­րը մէկ­դի դնե­լով՝ մաս­նակ­ցե­ցան այս սուրբ գոր­ծին, նո­րո­գե­լու հա­մար 113 տա­րի ապ­րող ե­կե­ղե­ցին, ո­րուն կեանք ներշն­չո­ղը ու­րիշ մէ­կը չէ, ե­թէ ոչ դուք՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­մայն­քի զա­ւա­կա­ներդ:
Այս ճոխ մթնո­լոր­տին մէջ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դը յայ­տա­րա­րեց, թէ յետ այ­սու ա­մէն տա­րի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դը պի­տի պար­գե­ւատ­րէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը:
Պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քի ըն­թաց­քին, Սր­բա­զան հօր ձե­ռամբ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան՝ տի­կին ­Մէ­րի ­Բիւս­քիւ­լեան, Ա­ւե­տիս Սրկ. Ա­ւե­տի­սեան, ­Վահ­րամ Սրկ. ­Պէք­թա­շեան, Պրն. ­Ռու­բէն ­Գաս­պա­րեան եւ Պրն. ­Վահ­րատ ­Թէ­քօղ­լուն, առ ի շնոր­հա­կա­լու­թիւն տա­րի­ներ շա­րու­նակ հա­մայն­քէն ներս ա­նոնց տա­րած ծա­ռա­յու­թեան:

Ա­պա՝ օ­րո­ւան իր պատ­գա­մը ուղ­ղեց ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նոր­դը, որ ը­սաւ.- «­Հա­յու­թիւ­նը պարզ զգեստ մը չէ, հա­յու­թիւ­նը ընտ­րու­թիւն է՝ մեր կամ­քով եւ մեր հա­ւատ­քով… Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քը այն մայրն է, որ իր շուրջ բո­լո­րեց իր զա­ւակ­նե­րը եւ ա­մէ­նէն դժո­ւար պա­րա­գա­նե­րուն հո­գա­տար ե­ղաւ:

Այս գա­ղու­թը բո­լո­րիս հա­մար մայր ե­ղաւ, եւ այդ իսկ պատ­ճառռվ է, որ բո­լորս ջեր­մու­թեամբ կը խօ­սինք այս հա­մայն­քին մա­սին: Ես ան­գամ մը եւս կ­՛ու­զեմ շնոր­հա­ւո­րել ձեր բո­լո­րին եւ մա­նա­ւանդ ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց նպաս­տը կը բե­րեն այս գա­ղու­թի վե­րել­քին բար­գա­ւաճ­ման եւ ա­ռա­ւել ծաղ­ման հա­մար»:
Ե­րե­կոն ա­ւե­լի գե­ղեց­կա­ցաւ՝ ­Մա­լա­քեան ­Գաս­պա­րեան ­Ծաղ­կո­ցի պա­րա­խում­բի պա­րի կա­տար­մամբ. ա­նոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րեր:

Յա­ջորդ ա­ռա­ւօ­տուն, ­Կի­րա­կի՝ 20 ­Նո­յեմ­բեր 2016ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ՝ կա­տա­րո­ղու­թեամբ ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեա­նի։ Ան իր քա­րո­զին մէջ ը­սաւ.- «…Ով Աս­տո­ւա­ծա­մայր, ան­գամ մը եւս ի­ջիր եր­կին­քէն եւ մաք­րէ մարդ­կու­թեան սրտե­րը, Ով Աս­տո­ւա­ծա­մայր, քու մայ­րա­կան սի­րովդ փո­խէ մար­դոց մտքե­րը, տաք­ցուր սրտե­րը, որ­պէս­զի հե­ռու ըլ­լան նե­ղու­թիւն­նե­րը, թշնա­մու­թիւն­նե­րը…

Ով Աս­տո­ւա­ծա­մայր, եր­կին­քէն ի­ջիր եւ հո­գե­փո­խէ մեզ բո­լորս, ո­րով­հե­տեւ կա­րօ­տը ու­նինք այ­սօր մենք ի­րա­կան հո­գե­փո­խու­թեան… Այ­սօ­րո­ւան իմ պատ­գամս հե­տե­ւեալն է սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ՝ չեր­թանք սին եւ պա­րապ ար­ժէք­նե­րու ե­տե­ւէն, չեր­թանք աշ­խար­հը շլաց­նող ե­րե­ւոյթ­նե­րուն ե­տե­ւէն, մնանք հայ, կառ­չինք մեր ար­ժէք­նե­րուն, կառ­չինք մեր ե­կե­ղեց­ւոյ, կառ­չինք մեր լե­զո­ւին, մեր գա­ղու­թին, մեր հայ­րե­նի­քին, մեր Ար­ցա­խին եւ այն ա­տեն Աս­տո­ւա­ծա­մայ­րը պի­տի գրկէ մեզ բո­լորս»։

Ա­պա՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն եւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն բո­լոր այն հան­գու­ցեալ հա­մայն­քի ծա­ռա­նե­րու յի­շա­տա­կին, ո­րոնք այս հա­մայն­քին նո­ւի­րե­ցին ի­րենց կեան­քը:
Պա­տա­րա­գէն ետք, Ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի ­Մա­սիս պա­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան պա­րեր, ո­րոնք ա­ւար­տե­ցան հա­ւա­քա­կան շուրջ­պա­րով: ­Վեր­ջա­պէս, ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ, ուր ներ­կայ էին պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը, նաեւ՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կիէ մէջ գոր­ծող հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Ազատ օր

Scroll Up