Մոսկուահայերէն 100 թոն ալիւր՝ Սուրիահայերուն

Սուրիահայութեան ի նպաստ խումբ մը գործարար մոսկուահայերու նախաձեռնած դրամահաւաքը, որ նեղ շրջանակի մը մէջ սկսելէ ետք աւելի լայն շրջանակ տարածուած է, թոյլ տուած է հանգանակել կարեւոր գումար մը, որով ալ գնուած է 100 թոն ալիւր: Պարէնին կէսը պիտի բաշխուի Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ Դամասկոսի, իսկ մնացեալ կէսը Հալէպի մէջ:

Ըստ «Արեւելք»-ի՝ փոխադրութիւնը անվճար կատարած է ռուսական բանակը:

Մոսկուահայերու այս նախաձեռնութիւնը առաջինն է իր տեսակին մէջ եւ հաւանական կը նկատուի, որ մօտ ապագային կրկնուի:

Scroll Up