Մեզ Ո՛չ Հաց Տուէք, Ո՛չ Ալ` Ջուր, Այլ` Փամփուշտ, Եւ Առաջ Երթալու Հրաման. Մերօրեայ Հերոսներ

Նոյեմբեր 29-ին ԵՊՀ-ի  ուսանողական խորհուրդի ռազմահայրենասիրական յանձնաժողովը Լրագրութեան բաժանմունքին մէջ կազմակերպած էր ձեռնարկ` նուիրուած Քառօրեայ պատերազմի մասնակից հերոս զինուորներուն: Ներկայ էին բաժանմունքի դասախօսական կազմը, ուսանողներ, հիւրեր եւ մերօրեայ հերոսներ` Շուլի Յակոբեան, Յարութիւն Բադալեան, Գէորգ Մանուկեան, Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան, Գոռ Դարմանեան եւ պատերազմին անմահացած Արցախի հերոս` Ռոբերտ Աբաջեանի մեծհայրը` Գէորգ Աբաջեանը:

Ձեռնարկին ընթացքին տղաները պատմեցին իրենց հետաքրքրութիւններուն, նախասիրութիւններուն եւ բանակին մէջ ունեցած փորձառութեան մասին, իսկ Ապրիլեան պատերազմին  եւ իրենց կատարած սխրանքներուն մասին` ցանկացան չխօսիլ` ըսելով, որ իրենք կատարած են իրենց առջեւ դրուած խնդիրը եւ պարտականութիւնները:

Անոնք չեն սիրեր, երբ իրենց հերոս կ’անուանեն, քանի որ իրական հերոսը անոնք են, որոնք զէնքով ելան թուրքին դէմառդէմ եւ ինկան յանուն հայրենիքի: Երբ Շուլի Յակոբեանին հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին հարցուցած են` արդեօք դժուար չէ եղած օրեր շարունակ առանց ուտելիքի, ան պատասխանած է. « Այդ ժամանակ զօրքը կ’ըսէր` մեզ ո՛չ հաց տուէք, ո՛չ ալ` ջուր, այլ փամփուշտ տուէք եւ առաջ երթալու հրաման»:

Ուսանողները պատրաստուած էին յաւուր պատշաճի. հնչեցին հայրենասիրական երգեր, պարեցին ազգային ազգագրական պարեր: Ձեռնարկին աւարտին  շնորհակալական խօսք ըսաւ Ռոբերտ Աբաջեանի մեծհայրը` Գէորգ Աբաջեան եւ մաղթեց, որ բոլոր հայ ընտանիքներէն ներս տխրութեան փոխարէն միշտ ուրախութիւն եւ երջանկութիւն ըլլայ:

Ձեռնարկը աւարտեց հայկական միասնական շուրջպարով: Բոլորը մեծ խանդավառութեամբ կը պարէին մերօրեայ հերոսներուն հետ:

Արփի Պետրոսեան

ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի  2-րդ շրջանի  ուսանողուհի

Լուսանկարները` Մաիա Աւետիսեանի

%d5%b0%d5%a5%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a5%d6%80%d5%b0%d5%a5%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a5%d6%801 %d5%b0%d5%a5%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a5%d6%803%d5%b0%d5%a5%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a5%d6%804 %d5%b0%d5%a5%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a5%d6%805%d5%b0%d5%a5%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a5%d6%806 %d5%b0%d5%a5%d6%80%d5%b8%d5%bd%d5%b6%d5%a5%d6%807

Scroll Up